Տարին վերջացաւ եւ բացի զանազան ոլորտներու մասին ամփոփիչ տեղեկութիւններու, հրապարակուեցաւ նաեւ տարուայ բառը։ Արդարեւ, Հայաստանի լեզուի կոմիտէն(անհասկնալի է թէ ինչո՞ւ կոմիտէ եւ ո՛չ թէ յանձնախումբ) երեք տարիէ ի վեր բառեր կ’առաջարկէ հասարակութեան եւ անոնց քուէարկութեամբ կ’ընտրէ այն բառը որ լաւագոյնս կը յատկանշէ անցնող տարուայ հասարակական կեանքի որեւէ իրադարձութիւն, կա՛մ առաւել յաճախ կը գործածուի, կա՛մ բարեհունչ է, կա՛մ նորաստեղծ բառ է։ Նախորդ երկու տարիներուն առաւելագոյն քուէները ստացած էին «առաջնագիծ»(2021) եւ «գիտարբուք»(2022) բառերը։
2023ի համար առաջարկուած էին 12 բառեր, որոնք էին՝ արդարամիտ, գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, ապրումակցում, գրաւչութիւն, զարդապատեան, խաղաղութիւն, խաչմերուկ, խօսոյթ, Հայասաթ, մրգատուն, տարակարգ եւ տնտեսվարող։
12 բառերէն ամենաբարձր թիւով քուէները ապահովեց ապրումակցում բառը, արժանանալով «տարուայ բառ» տիտղոսին(42 առ հարիւր քուէով)։ Ի՞նչ է բառի իմաստը. ապրումակցում կը նշանակէ «էմփաթի», թէեւ դիմացինի ապրումները սեփականի պէս զգալը միշտ ալ յատուկ եղած է մարդ արարածին, բայց «ապրումակցում» բառը նորաբանութիւն է։ Հաւանաբար ստեղծուած է «կարեկցում» բառի նմանութեամբ, բայց որպէս երեւոյթ՝ աւելի ընդգրկուն է։ Այս բառը արձանագրուած է նաեւ բառարաններու մէջ։
Իսկ ինչո՞ւ նախապատուութիւնը տրուած է այս բառին։ Արդեօք մարդկային յարաբերութիւններուն ուղղեալ թարմ հայեա՞ցքը կը բնորոշէ, թէ ոչ դիմացինէն մեր ակնկալութիւնները, կամ արդեօք ամէնամարդկային յատկանիշը կորսնցնելու վա՞խը, թէ բոլորը միասին։ Այնուամենայնիւ, մեծամասնութեան համար անցնող տարուայ բառը ԱՊՐՈՒՄԱԿՑՈՒՄՆ է։ Երկրորդ կարգի վրայ է «խաղաղութիւն» բառը(30 առ հարիւր)։ Ասիկա միակ իմաստով բառ մը չէ, բայց հայ ժողովուրդի համար նախ եւ առաջ կը նշանակէ պատերազմի, հակամարտութեան բացակայութիւն եւ բնական է որ շատերու հայեացքը ուղղուած է դէպի խաղաղութիւն։ Կարեւոր է նաեւ մարդու ներքին խաղաղութիւնը։ Այս բառի միւս իմաստներն են՝ լռութիւն, հանդարտութիւն, անդորրութիւն, հաշտութիւն, եւլն։
Երրորդ տեղի վրայ է Հայասաթ բառը(7 առ հարիւր համեմատութեամբ)։ Հայկական առաջին տիեզերական արբանեակի անունն է։ Բառը ստեղծուած է հայ եւ լատիներէն ծահումով սէթիլէս՝ արբանեակ բառերէն, որոնք իրարու միացած են «այբ» յօդակապով։ Կը բնորոշէ ժողովուրդի լաւատեսութիւնը Հայաստանի գիտական ապագայի նկատմամբ։
İlk yorum yapan siz olun