İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՊԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Յունուար, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Լատին Կաթոլիկ համայնքի Առաջնորդ՝ Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Ս. Եպիսկոպոսը եւ իրեն օգնական մայրապետները։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Հիւր Հոգեւոր Առաջնորդը յայտնեց, թէ՝ քաղաքէ դուրս գտնուելու պատճառաւ չեր կրցած մասնակցիլ Ս. Ծննդեան շնորհաւորանքին։ Առ այդ, անձամբ փափաքած էր սոյն այցելութեամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց փափկավարական այցելութեան համար եւ մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան խաղաղարար ոգին տարածուի աշխարհի վրայ եւ մարդկութիւնը, որ ինչ ինչ յուզումներու մէջ կը գտնուի ընդհանրապէս, գտնէ իր մխիթարութիւնը այս մեծ աւետիսի շնորհիւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın