İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀՐԱՆԴ ՆՈՐՇԷՆԻ «ՀԱՅԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ» ՀԱՏՈՐԸ

Հաճոյք է գրել նոր գիրքերու մասին, տարբեր ուրախութիւն է նաեւ երբ այդ գիրքը կը վերաբերի հայութեան, հայ ժողովուրդին, հայկական արժէքներուն։ Վերջին օրերուն պարբերաբար արձագանգ հանդիսացանք այդպիսի հրատարակութիւններու։

Այսօր եւս լաւ լուր ունինք գրասէրներուն։ Ֆրանսայի մէջ, ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսաւ «Հայերը ֆրանսական հողի վրայ» հատորը, որ գրական եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու արգասիքն է հետազօտող գրագէտ Հրանդ Նորշէնի։

Հեղինակը նախկին Պոլսահայ է, ուսանած է Սահակեան-Նունեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ։

Նորատիպ գիրքը կը պարունակէ Ֆրանսայի աւելի քան 270 քաղաքներու մէջ հայկական հետքերը, որոնց կարգին են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակոյթի տուներ, Ա. Աշխարհամարտին զոհուած հայերուն նուիրուած յուշակոթողներ, հանրայայտ հայերու անուններով մկրտուած փողոցներ։ Այդպիսի հայեր են Շարլ Ազնաւուր, ֆրանսական դիմադրութեան շարժումի առաջնորդ Միսաք Մանուշեան եւ ուրիշներ։ Հայերու մասին հետաքրքրական հետքեր կան նաեւ ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։ Եթէ հետքերուն մեծամասնութիւնները 1920էն յետոյ են, կան նաեւ այնպիսի փաստեր, որոնք կը վերաբերին 4րդ կամ 5րդ դարուն, երբ հայ հոգեւորականներ Աստուածաշունչը տարածած էին հիւսիսային կամ կեդրոնական րանսայի մէջ, նաեւ աւելի ուշ, երբ կեդրոնական Ֆրանսայի փոքր գիւղ մը անուանակոչուած է «Հայեր», ըստ պատմութեան։ 

Ըստ պատմութեան, Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք խաչակիրներուն հետեւելով, հայ գաղթականներ հաստատուած էին կեդրոնական Ֆրանսայի մէջ։

Ի հարկէ ցանկը երկար է այն հետքերուն, որնոք կ’ամրապնդեն րանսա-Հայաստան կապերը։

Գիրքը կը բաղկանայ 448 էջէ։ Կը պարունակէ կենսագրական բաժին մը, կայ նաեւ միութիւններու կամ կազմակերպութիւններու հասցէներու բաժին մը, անուանացանկ՝ անձերու եւ վայրերու։

Գիրքի կողքին վրայ 270 քաղաքներու անուններն են(այբբենական կարգով), որոնք շրջապատուած են երկու կինսանդրիներով եւ խաչքարով մը։ Կիսանդրիներէն մին Շարլ Ազնաւուրինն է, որու ծննդեան 100ամեակը կը լրանայ այս տարի, միւսը՝ Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին է. անոր աճիւնները այս տարի 21 Փետրուարին պիտի վերայուղարկաւորուին ֆրանսական պանթէոնին մէջ, նոյն գերեզմանին մէջ պիտի վերաթաղուին նաեւ Մանուշեանի կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի աճիւնները։

Այս ուսումնասիրութիւնը շարունակութիւնն է հեղինակի այն գիրքին, որ լոյս տեսած էր 2012ին, որմէ օրինակ մը հեղինակը տարիներ առաջ իր Պոլիս այցելութեան օրերուն նուիրուած էր նաեւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին։ Այդ գիրքը կը կոչուէր՝ «Հայկական յիշողութեան ուղեցոյց Ֆրանսայի մէջ»։

Կը շնորհաւորենք Հրանդ Նորշէնը, իրեն մաղթելով արգասաբեր նոր ուսումնասիրութիւններ։ 

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/130124lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın