İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 3 Յունուար 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան կը նախագահէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։

Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Հանդիսութեան սկիզբը, մանուկներու երգերու ընկերակցութեամբ, Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց թափորով սրահէն ներս մուտք գործեց ու սկսաւ խրախճանքը։ Մօտ երկու ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, փոքր թատրերգութիւններով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։ Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան եւ Ամանորի նուէրներ տուին Նորին Ամենապատուութեան։

Ելոյթներէ ետք խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ գնահատեց այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը եւ մասնակիցները։ Իր խօսքերուն մէջ մտերմաբար զրուցեց մանուկներուն հետ եւ հայրական խրատներ տուաւ անոնց։

Ապա երգերու եւ ծափերու տարափին ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը եւ ողջագուրուեցաւ Պատրիարք Հօր հետ։ Ապա, մեր Հոգեւոր Պետը նախաթոռը թողուց Կաղանդ Պապուկին ու հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Ապա, Կաղանդ Պապուկը թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները՝ իրենց պատկանած հաւաքականութեան։

Իր խօսքերէն վերջ Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան անուշեղէններով լեցուն տոպրակներ։

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın