Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը յայտարարեց Հայաստանի 2023ի լաւագոյն ֆութպոլիստներու քուէարկութեան արդիւնքները։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Իտալիոյ «Ինթեր Միլան» ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 81 կէտեր հաւաքելով՝ ընտրուած է լաւագոյն ֆութպոլիստ։
Երկրորդ դիրքի վրայ է Ռուսաստանի «Քրասնոտար» ակումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեան՝ 48 կէտերով։ 21 կէտերով երրորդ դիրքը գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ «Ֆաթեհ» ակումբի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան։
Հենրիխ Մխիթարեան պիտի ստանայ ոսկի գնդակ մրցանակը, ինչպէս նաեւ 4 միլիոն դրամ, 2րդ դիրքի մարզիկը՝ արծաթէ գնդակ մրցանակ եւ 3 միլիոն դրամ, 3րդ դիրքի մարզիկը՝ պրոնզէ գնդակ մրցանակ մը եւ 2 միլիոն դրամ։
Յիշեցնենք որ անցեալ շաբաթավերջին, Մխիթարեան մինչեւ 2026 երկարաձգեց «Ինթեր»ի կազմէն ներս խաղալու իր համաձայնութիւնը։
İlk yorum yapan siz olun