İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԱՐՄԱՆ ՓՈԼԱՏԻ

Հազիւ քանի մը օր կը բաժնէ մեզ Նոր Տարիէն, իսկ 2023ին հրաժեշտ կուտանք գոյժով մը։

Յառաջացեալ տարիքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց համայնքիս յարգարժան ընտանիքներէն մէկուն երէց անդամը՝ Արման Փոլատ։ Ան 12 Դեկտեմբերին ծանր վիճակով տեղափոխուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց, առնուելով խտացեալ դարմանումի տակ։ Շուրջ տասը օր յետոյ առողջական վիճակը բարելաւած էր, Արման Փոլատ տեղափոխուած էր սովորական հիւանդասենեակ։ Երէկ, իրիկնային ժամերուն յանկարծ դարձեալ անհանգստացաւ ու թէեւ բժիշկները ամէն ինչ ըրին կեանքը փրկելու համար, բայց Արման Փոլատ հոգին աւանդեց Աստուծոյ։

Ողբացեալը եւ կողակիցը՝ Իրմա Փոլատ, երկար տարիներէ ի վեր իրենց բարերարութիւններով, իրենց գործունէութեամբ ուրոյն տեղ մը ունէին համայնքային կեանքի բազմաբովանդակ ապրումներուն մէջ։ Տիկին Իրմա Փոլատ վարչական պաշտօններ ունէր, միշտ վայելելով ամուսնոյն ամուր զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը։ Կը սիրէին համայնքային կեանքը ու մինչեւ վերջին տարիները աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէին բոլոր ձեռնարկներուն։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը պիտի հաղորդուին անջատաբար։

Կը ցաւակցինք իր տիկնոջ, Մարմարա-ի ընտանիքին համար սիրելի անուն Տիկին Իրմա Փոլատը, որդւոյն ու հարսին՝ Կարպիսին ու Դալարին, թոռնիկներուն, նաեւ Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեանին ու Տիկին Մանուշակին, որոնց խնամին էր ողբացեալը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/271223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın