Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը Յունաց եւ Լատինաց Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ 25 Դեկտեմբեր 2023, Երկուշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ուղեկցէին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ, Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան Ս. Ծննդեան Տօնը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան, համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։
Սոյն այցելութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը իր հետեւորդներով կարգաւ այցելեց Քաղդէացի Կաթոլիկ հոգեւոր պետին՝ Մոնս. Սապրի Անարի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտին եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի։ Մեր հոգեւոր պետը սոյն այցելութեանց ընթացքին յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին շնորհաւորեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, յայտնելով իր գոհունակութիւնը թէ նման առիթներով կը միատեղուին եւ կը բաժնեն Քրիստոնէական սիրոյ եղբայրութեան զգացման ջերմութիւնը։
Նորին Ամենապատուութեան սիրալիր արտայայտութիւնները ընկալուեցան գոհունակութեամբ եւ հոգեւոր ուրախութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun