İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԻՐ ՆՈՐԱՏԻՊ ՀԱՏՈՐԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԻՆ

Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ Խմբագրատուն այցելեց յանձնելով իր նորատիպ գիրքը, որ ձօնուած է մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին։

Կարճատեւ, բայց հաճելի զրոյց մը ունեցանք Հայր Սուրբին հետ։ Ան պատմեց թէ ինչպէ՞ս իրականացած է գրքին տպագրութիւնը։ Իր աւարտական թէզն է որ գիրքի վերածուած է, կարեւոր գործ մը մէջտեղ դրած է, ի մի բերելով ինչ ինչ մանրամասնութիւններ։

Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Պոլիսը՝ իր դպրեվանական կեանքով եւ Դպրեվանքերու սաներու մատուցած ծառայութեամբ։

Շնորհակալութիւն յայտնեցինք Հայր Սուրբին եւ մէկզմէկ շնորհաւորեցինք յառաջիկայ տօներու առիթով։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/231223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın