Ինչպէս նախորդ տարիներուն՝ այս տարի եւս Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի մանկա-պատանեկան երգչախումբը, ըստ աւանդութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի Կեդրոնի կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին։
Համերգը սարքուեցաւ 20 Դեկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի երեկոյ Աւստրիական հիւպատոսարանի Ենիգիւղի ապարանքին մէջ։ Համերգին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի Հայրերէն Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Մատակարար Մարմնի ատենապետի փոխանորդ Փրօֆ. Տօքթ. Աքսէլ Սէյյահի, փոխ-ատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, վարժարանի միջնակարգի եւ նախակրթութեան տնօրէնուհիներ Էլտա Գարակէօզեան ու Գաթիա Վարկը, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ։
Երեկոյթին հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ ներկայ էր հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան մասնաւոր յայտագրով։ Երգացանկը կը բաղկանար հայերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ սպաներէն գողտրիկ երգերէ։ Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու Ագպուլութի մականին ներքեւ երգչախումբի անդամները մեծ ոգեւորութեամբ մեկնաբանեցին կտորները, արժանանալով ունկնդիրներուն անվերապահ գնահատանքին։ Երաժշտական այս խնջոյքին վերջին բաժնին մէջ Մխիթարեանցիները բեմ առին կազմելով միացեալ երգչախումբ մը Ալէվ վարժարաններու երգչախումբին հետ, որ նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերած էր ձեռնարկին։
Այս գեղեցիկ երեկոյթի աւարտին իր սրտի խօսքը ըրաւ Աւստրիական Մշակոյթի Կեդրոնի տնօրէնուհի Սիլվիա Նոյրայթէր, յայտնելով իր գոհունակութիւնը սոյն համերգին կազմակերպման առթիւ։ Իր ելոյթին մէջ յարգելի տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից երգչախումբերուն ու չմոռցաւ նաեւ ներկաներուն յղել Ս. Ծննդեան ու Նոր Տարուայ իր ջերմագին բարեմաղթութիւնները։
İlk yorum yapan siz olun