Շուէտի Սէօտերթալիէ քաղաքի Ս. Մարիամ Հայ առաքելական եկեղեցին ենթարկուած է թալանի. գողցուած են թանկարժէք իրեր։ Ոստիկանութիւնը սկսած է հետաքննութեան։ Ներխուժման ստոյգ ժամը յայտնի չէ, սակայն ենթադրաբար դէպքը տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի գիշեր կամ Հինգշաբթի առաւօտեան։ Տակաւին յստակ չէ նաեւ, թէ քանի՞ հոգի մասնակցած են գողութեան։ Հաւանական է, որ անոնք եկեղեցի մուտք գործած ըլլան պատուհանէն, որ կը տանի դէպի եկեղեցւոյ կից սենեակը։ Այս վայրը կ’օգտագործուի մկրտութիւններու, հարսանիքներու եւ այլ ձեռնարկներու համար։
Հաղորդուեցաւ, որ գողցուած իրերը մեծարժէք են։ «Մենք նման բան չէինք ակնկալեր։ Սուրբ Ծնունդէն առաջ մենք կանգնած ենք դատարկ զոհասեղանին առջեւ» ըսաւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Շառոյեան՝ աւելցնելով. «Չեմ գիտեր, որ ասիկա ինչի նշան է, բայց մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորները ապահով զգան»։
İlk yorum yapan siz olun