İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ԳԻՐՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Դեկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Հայր Սուրբը, սոյն այցելութեամբ վերջերս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչատունէն լոյս տեսած իր գրքին առաջին օրինակը յանձնեց Պատրիարք Հօր։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ հրատարակուած «Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Վանական-Դպրեվանական Կեանքը» խորագրեալ աշխատասիրութիւնը վարդապետական աւարտաճառն է Հայր Սուրբին, որուն մէջ կը ներկայացուի Պոլսոյ Աթոռոյ վանական եւ դպրեվանական աւանդութիւնը։ Հայր Սուրբը, յայտնեց, թէ սոյն աշխատութեան առթիւ յատուկ երախտիքի պարտք կը զգայ Ազգիս Վեհափառ Հայրապատին եւ Պատրիարք Հօր։ Այս առթիւ մաղթեց, որ սոյն աշխատասիրութիւնը ունենայ իր դրական ներդրումը։

Պատրիարք Հայրը առաջին հերթին շնորհաւորեց Յարութիւն Վրդ.ին աւարտաճառին հրատարակութիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէ ներս, բան մը որ պատուաբեր պէտք է համարուէր։ Գնահատեց նաեւ այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատութիւնը եւ Հայր Սուրբին մաղթեց նորանոր նուաճումներ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայր Սուրբը սոյն աշխատասիրութիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ներկայացնելով 2022ին Օշականի մէջ ստացած էր վարդապետական գաւազան։ Աշխատասիրութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն Մայր Դպրատունը, Արմաշու Դպրեվանքը, Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքը, Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութիւնն ու Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Ան ձօնուած է Կ.Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ պատրիարքներուն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցիէն մինչեւ Սահակ Բ. Պոլսեցիին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın