İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ

Հոգելոյս Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանը ծնած է 21 Յունիս 1939 թուականին, Հալէպ (Սուրիա)։ Աւազանի անունն է Աբրահամ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 8 Հոկտեմբեր 1954-ին։

Աւարտելով Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 22 Յունիս 1959-ին, ձեռամբ Ճէզիրէի (Սուրիա) Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի։

Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է 24 Յունիս 1962-ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին, եւ վերակոչուած՝ Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱԲԵՂԱՅ։

Յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին, վանական կեանքէն ներս ստանձնած է Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի լուսարարապետութեան պաշտօնը, միանգամայն, որպէս ուսուցիչ, Դպրեվանքէն ներս դասաւանդելով եկեղեցական երաժշտութիւն, Ս. Գրոց եւ քրիստոնէական նիւթեր։ Վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին եղած է նաեւ ուսուցիչ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ գտնուած Մարտիկեան վարժարանին։

Վարդապետական գաւազան ստացած է 3 Նոյեմբեր 1963-ին, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Տ. Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներու Պատմական Ու Կանոնական Զարգացումը՝ Ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կանոնագրութեանց» նիւթը։

23 Դեկտեմբեր 1965-ին, իբրեւ հոգեւոր հովիւ, գործուղղուած է Մոնթրէալ (Գանատա), ուր ծառայած է ութ տարիներ։

Իր հովուութեան շրջանի կարեւորագոյն աշխատանքներէն մին եղած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շինարարական ծրագրին իրագործումը։

Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք ստացած է 25 Յուլիս 1969-ին, երջնկյ. Տ.Տ. Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսին մոնթրէալահայ գաղութին շնորհած հովուապետական այցելութեան առիթով։

1973 Յունիսին, Խորէն Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած՝ Դպրեվանքի փոխ տեսուչի, Մայր Տաճարի լուսարարապետի եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետի պաշտօնները, միաժամանակ դասաւանդելով Դպրեվանքէն եւ Մարտիկեան վարժարանէն ներս, իսկ 1974-1976 տարեշրջաններուն, որպէս կրօնագիտութեան ուսուցիչ՝ Ազգային Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանէն ներս։

5 Դեկտեմբեր 1976-ին Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի։

15 Յուլիս 1977-ին Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ (Կրօնական եւ Քաղաքական) ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ։ Հալէպ ժամանած է 10 Սեպտեմբեր 1977-ին եւ 15 Հոկտեմբեր 1977-ին Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ։

30 Հոկտեմբեր 1977-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է, ձեռամբ երջնկյ. Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Բերիոյ Թեմին տուած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան առիթով (29 Ապրիլ-12 Մայիս 1983), 8 Մայիս 1983-ին, յընթացս Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Սուրէն Եպիսկոպոսին Սրբատառ Կոնդակով շնորհած է Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս։

27 Յունիս 1993-ին, Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մեծ շուքով նշուած է Սուրէն Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան երեսնամեակը (30) եւ Բերիոյ Թեմին մէջ առաջնորդութեան տասնհինգամեակը (15), Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շրջափակէն ներս։ Այս առիթով հաստատուած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սուրէնեան» ֆոնտը, առ ի երախտագիտութիւն անոր կողմէ լռութեամբ կատարուած բարերարութիւններուն եւ նուիրատուութիւններուն։

5 Հոկտեմբեր 2002-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ  Արամ Ա. Կաթողիկոսի, մեծարանքի հանդիսութեամբ մը ոգեկոչուած է սրբազանին կուսակրօն քահանայութեան քառասնամեակը (40) եւ Բերիոյ Թեմին մէջ առաջնորդութեան քսանհինգամեակը (25)։ Այս առիթով պատրաստուած յուշամատեանը մէկ մանրանկարն է անոր ծառայական կեանքին։

2004-ին Սուրէն Արք. Գաթարոյեան առողջական պատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին եւ 10 Ապրիլ 2004-ին՝ հրաժեշտ տուած Հալէպին։

Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, հինգհարիւրամեայ (500) Բերիոյ Թեմի Գաւազանագիրքի ցանկին վաթսուներորդ (60-րդ) տեղը գրաւած է, եւ ցարդ մնացած է Բերիոյ պատմական Թեմի ամէնէն երկարամեայ թեմակալ առաջնորդը։ Որպէս առաջին առաջնորդ կը յիշատակուի Տ. Յովակիմ Արքեպիսկոպոսը, 1432-1442։

Անոր առաջնորդութեան շրջանին թեմը արձանագրած է շինարարական վիթխարի իրագործումներ, որոնցմէ կ՚արձանագրենք միայն գլխաւորները.-

– Երկուտասնեակ մը շէնքեր, որոնց մէջ բնակութիւն հաստատած են կրթական մշակներ, քահանայ հայրեր, նորապսակ ամոլներ, ազգայիններ եւ յատկապէս «գէմբերէն» տեղահանուած հարիւրաւոր ընտանիքներ։

– Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հնադարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերածուած է գանձատան, եւ որուն մէջ ամփոփուած են հինգ հարիւր (500) տարուան մշակութային եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող եկեղեցական սպասներ։ Գանձատունը անուանակոչուած է «Զարեհեան», ի յիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին։

– Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ եռայարկ շէնք մը՝ հետզհետէ աճող ուսանողութեան համար։

– Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանի նորակառոյց շէնքը՝ իր ներքնայարկ Եսայեան գեղակերտ թատերասրահով։

– Ազգային Հայկազեան տղոց բաժնի համար գնուած է նոր շէնք մը եւ բարեզարդուած։

– Ազգային Սահակեան Վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքը։

– Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին ընդարձակումը։

– Արամ Մանուկեան Ժողովրդային կեդրոնը։

– Հին Կիւլպէնկեան հողին վրայ կառուցուած է գեղակերտ շէնք մը, որպէս հաւաքատեղի եւ ժողովատեղի Սիւլէյմէնիէի շրջանի Համազգայինի, Օգնութեան Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն։ Շէնքը անուանակոչուած է Սիմոն Վրացեան Կեդրոն։

– Ս.Օ.Խ.ի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական դարմանատունը իր ժողովասրահներով եւ գետնայարկի դերձակատունով։

– Սրբազան հօր անձնական ծախսերով Ազգային Գերեզմանատան մէջ կառուցուած է քահանայից դամբարանը, ի յիշատակ իր հոգելոյս հօր՝ Տ. Արսէն քահանային, եւ գերեզմանատան մէջ գտնուող բոլոր վախճանեալ քահանաներու աճիւնները ամփոփուած են դամբարանին ներքնայարկի, փեթականման խորշերու մէջ, յատուկ արձանագրութիւններով։

– Առանձնակի պէտք է արձանագրել Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրը եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Ս. Յարութիւն մատուռը։

– Հայ Ծերանոցի կողքին Արեւիկ թերաճ մանուկներու եւ պատանիներու դպրոցը։

– Կրթական ֆոնտի հաստատում, որմէ օգտուած են յատկապէս թեմական շրջաններու նիւթական անձուկ վիճակի մէջ գտնուող վարժարաններն ու կրթական մշակները։

– Հայաստանէն մասնաւոր հրաւիրուած արուեստագէտի մը միջոցով նորոգուած են Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ հնադարեան սրբանկարները։

– Հայաստանի Մատենադարանէն ձեռագիրներու նորոգութեան երեք մասնագէտներ Հալէպ հրաւիրուած են, որոնք ամիսներ աշխատած են՝ նորոգելով, ցեցազրկելով եւ վերակազմելով Հալէպի հնադարեան ձեռագիրները։

Այստեղ զանց կ՚առնենք թեմական շրջանի մէջ կառուցուած եկեղեցիները, վարժարաններն ու հաւաքատեղի սրահները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ իրագործուած կարգ մը բարենորոգութիւնները եւ մանաւանդ եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ կառուցուած որմնաքանդակները, որոնք այսօր գեղակերտած են մեր եկեղեցիներուն շրջափակերը, միանգամայն դարձած յուշարձաններ, որոնք ամէնօրեայ յուշարարներ են հալէպահայութեան, պատմող՝ բռնագաղթն ու Մեծ Եղեռնը, յուշող՝ Տարօն աշխարհը եւ Կիլիկիան՝ Մարաշը, Զէյթունն ու Այնթապը։

Սրբազանը լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը.-

– Սաղմոսագիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ, 1996։

– Առակաց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ, 1997։

– Ս. Պատարագի երգեցողութեան փոքր գրքոյկ մը՝ Ս. Պատարագի մեկնաբանութեամբ, Հալէպ, 1998։

– Ատենի Աւետարան՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, Մոնթրէլ, 2013։

– Տօնացոյց Հայց. Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ, 2013։

– Պատկերազարդ Ծիսական Բառարան, Մոնթրէալ, 2014։

– Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով, Մոնթրէալ, 2015։

– Սոյն Հատորը, Մոնթրէալ, 2020։

2004-էն սկսեալ սրբազանը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, որպէս հոգեւոր տեսուչ, ծառայած է Մոնթրէալի (Գանատա) Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ։

Բերիոյ Թեմի 27 տարիներու ծառայութեան որպէս գնահատանք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 Սեպտեմբեր 2011-ին «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրած է սրբազանը։

https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/54820?fbclid=IwAR0CalVb1GGK8RBDK6O5nXiECKc3j3P6pjl84ga9ZCSjmabH4HlGGT-7dbU

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın