Եր-փառատօնը գովելի ծրագիր մըն է որ կ’իրականանայ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ եւ մշակոյթի ճամբով կը միացնէ մեր տղաքը, կը սատարէ մայրենի լեզուով երգելու, արտասանելու, արտայայտուելու հրամայականին։ Եր-փառատօնի այս տարուայ առաջին նախաձեռնութիւնը կարճ թատերակներու միջվարժարանային փառատօնն էր, որ կազմակերպուեցաւ երկու ամիս առաջ։ Երկրորդ նախաձեռնութիւնը երգի փառատօնն էր։ Մեր վարժարաններու աշակերտները նախ տեսահոլովակներ պատրաստեցին, իսկ երէկ իրենց կատարումները ներկայացուցին Տատեան վարժարանի մէջ։
Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Լուրը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակենք Երկուշաբթիի թիւով։
Լուսանկարը՝ «Լրաբեր»էն։
İlk yorum yapan siz olun