İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ՝ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Աւանդաբար Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, որպէս վարժարան ունեցող վագըֆ, տարեվերջին է որ կը սարքէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութիւնն ու Հայոց վարժարանին ի նպաստ Սիրոյ Սեղանը։

Այս տարի արարողութիւնները պիտի սարքուին Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին, ուստի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ գործակից ընկերներէն Մուրատ Կէօրէյ եւ Նուրիձա Կէզէր, երէկ կէսօրուայ ժամերուն խմբագրատուն այցելեցին, թէ՛ մեզ հրաւիրելու, թէ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին բացատրութիւններ տալու նպատակով։

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Ատենապետ Պր. Հապիպ շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցեց պիւտճէի, վարժարանի ու իրենց գործունէութեան մասին։ Յայտնեց որ տարեկան պիւտճէն կը կազմէ 17 միլիոն լիրա, բայց այս տարուայ բացը 9.5 միլիոն լիրայի շուրջ է։

Վարժարանի աշակերտութեան թիւը 281 է, 56ը՝ մանկապարտէզի սաներ են, 114 աշակերտ նախակրթարանի մէջ կ՚ուսանի, 109 աշակերտ՝ միջնակարգի բաժնին մէջ։ Ունին մանկապարտէզի 7 ուսուցիչ, դասարանի 6 ուսուցիչ եւ զանազան դասերու համար 21 ուսուցիչ, 2 ուղեցոյց ուսուցիչ, 1 տնօրէն, 3 քարտուղար եւ 6 պաշտօնեայ, եկեղեցւոյ մէջ 3 պաշտօնեայ ու եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Նաթանը։ Ընդհանուր թիւը՝ 50 հոգի։ Այսինքն այս 50 հոգիին աշխատավարձք կը վճարուի։ Թաղային Խորհուրդի ուսերուն վրայ ակամայ յաւելեալ բեռ մը դարձան այն հատուցումները, զորս ստիպուեցան վճարել ուսուցիչներու, որոնք տարիքի բերումով չէին կրնար հանգստեալ կոչուիլ։

Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ երկուստեք հետաքրքրող այլ նիւթերու վրայ եւս. դպրոցներու վիճակը, համայնքին մէջ մեր մայրենիին ու հայ ինքնութեան նահանջը, թերթերուն նիւթական դժուարութիւնները, եւլն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Եշիլգիւղի ընտանիքին։

Ա. Հ.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/141223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın