İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ»ՈՎ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԹՈՔԱՏԼԵԱՆ ԽԱՆԻ ՄԷՋ

Խանի արուեստագէտները իրենց ստեղծագործութիւններով կը ժամադրուին մշակութասէրներուն հետ

….

Մշակութասէր հասարակութեան համար աննախընթաց ցուցահանդէս մը սարքեցին խումբ մը արուեստագէտներ, որոնք իրենց աշխատանոցը ունին Թոքատլեան խանին մէջ։

Արդարեւ, մշակոյթի ոլորտի զանազան բնագաւառներու 40 ներկայացուցիչներ «Բաց դռներ» ցուցահանդէսով պատմական խանին մէջ ժամադրուեցան մշակութասէրներու հետ ու այս ձեռնարկի շնորհիւ, աշխատանոցներն ալ բացին, երկխօսութեան կարելիութիւն եւ արուեստագէտներու առօրեայի հետ շփուելու առիթ ստեղծելով այցելուներուն հետ։

Հիանալի գաղափարը իրականութիւն դարձաւ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի աջակցութեամբ, Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան մշակոյթի բաժնի սատարումով եւ «Ռօքու Մոպիլիթի»ի հովանաւորութեամբ։

Փայլելով որպէս 19րդ դարու Պէյօղլուի ամենաշքեղ պանդոկներէն մէկը, Իսթիքլալ պողոտայի խորհրդանիշ Թոքատլեան խանը անցեալէն մինչեւ այսօր կը կրէ զանազան ժամանակաշրջաններու ոգին։ Ինչպէս կը նշեն միջոցառման կազմակերպիչները, «եթէ կարելիութիւն ստեղծուէր ժամանակի հետ ճամբորդելու համար, այն ատեն… հաւանաբար սուրճ պիտի խմէինք «Քաֆէ օրիէնթալ»ի մէջ, ներկայացում մը պիտի դիտէինք «Շարք» թատրոնի սրահին մէջ, ջուր պիտի կրէինք ֆրանսական նոր թատրոնի շէնքին մէջ ծագած հրդեհը մարելու համար, պիտի իջեւանէինք Մկրտիչ Թոքատլեանին պատկանող բարձրաճաշակ պանդոկին մէջ, հոս մենք մեզ պիտի գտնէինք արուեստագէտներու հետ զրոյցներու պահուն եւ կամ վկաները պիտի դառնայինք այն ժամանակաշրջանի, երբ «Մ. Թոքատլեան» պանդոկը կը վերածուէր խանի»։

Այժմ ահաւասիկ, ժամանակի մէջ ճամբորդութեան նորօրեայ հանգրուանը կը կերտուի խումբ մը արուեստագէտներուն կողմէ։

«Բաց դռներ» ցուցահանդէսի հեղինակները կը ստեղծագործեն զանազան ճիւղերու մէջ, յատկապէս՝ գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, յախճապակի, լուսանկարչութիւն, տեսանկարահանման արուեստ, ներկայացում եւ երաժշտութիւն։

Երէկուայ բացման հանդիսութիւնը ժամադրավայր դարձաւ մշակութասէր խուռներամ բազմութեան մը համար։ «Ոմանք» երաժշտախումբը եւ խումբ մը երաժիշտներ հանդէս եկան իրենց կատարումներով։

Ի յիշատակ երգիչ Քեազըմ Գոյունճուի, որ 2005 թուականին երիտասարդ տարիքի մէջ մահացած էր քաղցկեղի հետեւանքով, պատրաստուած է վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան պիտի ներկայացուի, իսկ իր ընկերները երաժշտական ելոյթներով մասնակցութիւն պիտի բերեն ցուցահանդէսին։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 20 Դեկտեմբեր։ Այս մէկ շաբթուայ ընթացքին արուեստի եւ հասարակական գիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ իրենց ելոյթներով պիտի մասնակցին ցուցահանդէսին։

Ցուցահանդէսի նպատակն է դրացնութեան շրջագծով նոյն յարկի տակ համախմբել արուեստագէտներ, որոնք զանազան ճիւղերու մէջ ստեղծագործութիւններ կ’արտադրեն։ Աշխատանոցներու պատուհանները կը բացուին դէպի բակի այգին։ Գորշագոյն միջանցքներու մէջ շարուած դռները գունաւորուած են արուեստագէտներու համերաշխութեան ոգիով։

Ցուցահանդէսի համակարգողներն են Այլին Փաքովա Չիլ, Ժոէլ Մենեմշէ, Սոնկիւլ Ճանէրիք։

Մասնակից արուեստագէտներն են Ահմէտ Արիֆ Մէրէյ, Ալի Էքպէր Քուլ, Արամիս Գալայ, Արի Հերկել, Աթաման Օղուզ, Այլին Փաքովա-Չիլ, Պելկին Շահին, Պէյզա Կէօքայ, Չիղտէմ Շիմշէք, Տէմէթ Եալչընգայա, Էտա Եիղիթ, Էրքան Ճանան, Կիւլհան, Կիւլիզար Արթուչ, Իլիաս Ճէրէն, Ժոէլ Մենեմշէ, Լարա Նարին, Նիհալ Մավիկէօք Սունկուր, Օրչուն Պէսլէն, Էօզկէ Ագտէնիզ, Ռաֆֆի Էթեէմէզ, Ռեսուլ Այթեմիւր, Ռուբէն Մելքիսէթօղլու, Սարօ Ուսթա, Սայաթ Արսլան, Սեմրա Չելիք, Սերափ Իսքէնտէր, Սիպէլ Թարհան Քասափօղլու, Սինան Աքճան, Սոնաթ Չաւուշօղլու, Սոնկիւլ Ճանէրիք, Սիւրրէյյա Սու, Թայիս Մութլու, Վասըֆ Փեհլիվանօղլու։

Ցուցահանդէսի հայ արուեստագէտներու մեծամասնութիւնը երաժշտութեան մարզի ներկայացուցիչներ են՝ Արի Հերկել, Լարա Նարին, Սարօ Ուսթա, Սայաթ Արսլան, Ռաֆֆի Էթեօմէզ, Թայիս Մութլու։ Կը մասնակցին լուսանկարիչ Արամիս Գալայ, արհեստական բանականութեան մասնագէտ Ռուբէն Մելքիսէթօղլու եւ ճարտարապետ-քանդակագործ Կիւլիզար Արթուչ։

Հոս փակագիծ մը բանալով, կ’ուզենք մեր հիացումը արտայայտել ստեղծագործական այն յղացքներուն համար, որոնցմով արուեստագիտուհի Կիւլիզար Արթուչ կերտած է իր քանդակները։ Բոլորն ալ 50-60 սանթիմեթր բարձրութեամբ ստեղծագործութիւններ են, տեղակայուած փոքր տրամագիծով կլոր պատուանդաններուն վրայ։ Յատկապէս «Կոմիտաս» ու Հրանդ Տինքի դիմանկարով «Արդարութիւն» քանդակը, ուր Տինքի դիմանկարը «մխրճուած» է աղաւնիի մը մարմնին մէջ, առաջին իսկ հայեացքով գրաւիչ են ու կը տպաւորեն դիտորդները։ Միւս քանդակները եւս խորհուրդներ կը ցոլացնեն, մեր առջեւ բանալով քանդակագործ արուեստագիտուհիի հետաքրքրական աշխարհը։ Ան մեզի պատմեց որ ինք նախ կ’աշխատի կաւով, կը ձեւաւորէ իր գործը, յետոյ պրոնզով, գաճով ու տարբեր այլ նիւթերով կը ձուլէ զանոնք։

Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակիցները եւ կը յանձնարարենք որ մշակութասէրներ անպայման ժամանակ գտնեն ու այցելեն այս աննախադէպ ցուցահանդէսը։

Ա. Հ.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/141223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın