ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի օգնականին ներկայացուեցաւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի իրավիճակը
….
«Նոր Յառաջ» կը գրէ որ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբերին, Երուսաղէմի Հայոց Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարքը անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Save The ArX & (SaveTheArx) շարժումի անդամներուն, «ի նշան զօրակցութեան՝ յանուն այս բարոյապէս արդար պայքարին», ինչպէս «Իքս» իր հաշիւին վրայ գրած է Save The ArX-ը՝ աւելցնելով. «Պատրիարքը մեծահոգաբար իր ժամանակը տրամադրեց հայ երիտասարդներուն եւ սիրով պատասխանեց մտահոգ բնակիչներու բազմաթիւ հարցումներուն։ Բոլոր անդամները իրենց անբաժան եւ հաստատակամ աջակցութիւնը յայտնեցին պատրիարքին՝ «Կովերու պարտէզ»ի անօրինական գործարքը յետս կոչելուն համար։ Վերջաւորութեան ան արտասանեց քաջալերութեան խօսքեր ու աղօթք՝ օրհնելով մեր երիտասարդները։ Մեկնելէ առաջ, պատրիարքը անսասանօրէն յայտարարեց. «Այն ամէն ինչը, որ հայկական է, հայկական պիտի մնայ»։ Անոր գալուստը երիտասարդացուց եւ զօրացուց մեր պայքարը»։
Միւս կողմէ, Ժընեւի մէջ, Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Վահան Կոստանեան այս հարցի շուրջ կարծիքի փոխանակում ունեցաւ նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Իլզէ Պրանտս Քեհրիսի հետ։
İlk yorum yapan siz olun