İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ Դ. ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Պոլսահայ համայնքային նորագոյն պատմութեան օրացոյցին մէջ, 11 Դեկտեմբեր թուականը կը յատկանշուի որպէս Պատրիարքական աթոռի 85րդ գահակալի ընտրութեան օր։

Ժամանակը կը վազէ ու ահաւասիկ չորս տարի անցաւ 2019ի այն օրուայ վրայէն, երբ եկեղեցական համագումար ժողովը՝ քուէարկութեան արդիւնքով եւ ապա մայր եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջներով, աւետեց Աթոռի 85րդ Պատրիարք՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը։

Նոր էջ մը բացուեցաւ հոգեւոր-համայնքային կեանքէն ներս, բայց բոլոր այն լաւ ակնկալութիւններն ու յոյսերը, որոնց սպասելով ողջունեցինք Պատրիարքի ընտրութիւնը, գրեթէ երկու տարի եւս ակամայ «յետաձգուեցան» Քորոնայի համաճարակի հետեւանքով։

Քովիտ-ի սահմանափակումները առկախեցին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, նոր հովուապետի առաջնորդութեամբ համայնքը վերակազմակերպելու ինչ ինչ նախաձեռնութիւններ, այդ բոլորը «սեղմելով» նեղ պարունակներուն մէջ։ Ստիպուեցանք երկու տարի սպասել համայնքի վերազարթօնքին։

Բարեբախտաբար հիմա կը տեսնենք որ Նորին Ամենապատուութեան հովանիին տակ մեր հաստատութիւնները կը բարեփոխուին։ Մտած ենք շրջանէ մը ներս, երբ մեր վագըֆներուն պատասխանատուները, Պատրիարք Հօր աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ, հոգեպէս նորոգուելու հետ միասին, շարժման անցած են համայնքային կեանքի անիւը փոխելու, նոր պայմաններուն համահունչ Պոլսահայ համայնքի պատմութեան դարաւոր գնացքը անխափան յառաջ մղելու համար։

Սիրելի Պատրիարք Հայր,

Ուրախ ենք, որ կամաց կամաց համայնքին կը վերադարձնէք միասնականութեան ու ազգաշունչ ապրումները։ Կը մաղթենք որ երկար տարիներու արգասաբեր հովուութեամբ առաջնորդէք մեր բազմաչարչար համայնքը եւ իր արժանի բարձրութեան վրայ պահէք Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/111223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın