İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ

Երկակի չափանիշ դարաւոր հաստատութեան նկատմամբ – դրամահաւաքը չարդարացուց յոյսերը

….

Ե՞րբ պիտի ազատինք «երկակի չափանիշ»ներով առաջնորդուելու բարդոյթէն ու ե՞րբ պիտի հասկնանք որ «ես»ի գաղափարով չենք կրնար շարժիլ, եթէ խնդրոյ առարկայ է հաւաքական շահը, եթէ խօսքը կը վերաբերի մեր վարժարաններուն, մեր նորահաս սերունդի կրթութեան ու մանաւանդ այն հաստատութեան կամ հաստատութիւններուն, որոնք նախախնամական դերակատարութիւն ունեցած են եւ հիմա ալ ունին համայնքի տարեգրութեան մէջ։

Լիովին կը բաժնենք այն կարծիքը, զոր կ’արտայայտէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երէկ Գալֆաեան Տան Սիրոյ սեղանի հուսկ բանքի ընթացքին, ըսելով որ ո՛չ թէ պէտք է փորձենք «ազատիլ» շղթայի մը թոյլ օղակէն,- նկատի ունենալով Գալֆաեան վարժարանը,- այլ զօրացնելու այդ օղակը, միասնութեամբ, օժանդակութիւններով ամրացնելու զայն ընդհանուր շղթային, որովհետեւ հակառակ պարագային, կամաց կամաց միւս օղակներն ալ պիտի փրթէին։

Երէկ, այնպէս ինչպէս Գալֆաեան Տան Խնամակալները, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները, Ծնողաց Կազմի նուիրեալ անդամները, յուսախաբ եղան համայնքի մասնակցութենէն ու նուիրահաւաքումի արդիւնքէն, մե՛նք նոյնպէս յուսախաբութիւնը ապրեցանք ի տես ձախողումին, ի տես երկակի չափանիշներով մօտեցումին։

Մինչդեռ… հակառակը պէտք է ըլլար։

Բոլորը շատ լաւ գիտեն Գալֆաեանի վիճակի մասին, գիտեն որ բարոյական մեծ արժէք ունի այս հաստատութիւնը, շատ լաւ կը հասկնան որ Գալֆաեան ու Գարակէօզեան որբանոցները իրենց այդ կարգավիճակներով պէտք է գոյատեւեն ու առաջնորդուին դէպի նորանոր հանգրուաններ։ Ուրեմն ո՛չ թէ բացակայութեամբ, ո՛չ թէ նախորդ Սիրոյ Սեղաններուն նման, սովորականի պէս երկու-երեք անդամով, այլ աւելի բազմամարդ ներկայացուցիչներով պէտք է հաւաքուէին Գումգաբուի մէջ, գոնէ բարոյական զօրակցութեամբ թեւ-թիկունք պէտք է ըլլային Գալֆաեան տան, որու երդիքին տակ ուսում կը տրուի նաեւ անապահով ընտանիքներու զաւակներուն եւ գիշերօթիկ սանուհիներու։

Հաւանաբար բացակաները իրենց պատճառաբանութիւնը ունէին. մէկը հիւանդ էր, միւսը անյետաձգելի գործ մը ունէր, ուրիշ մը քաղաքէ դուրս կը գտնուէր, չորրորդ մը կրնայ պատահիլ որ հարցեր ունէր խնամակալներուն հետ, բայց… այդ պատճառաբանութիւնները անարժէք կը մնան, ներելի չեն, որովհետեւ անձերը չէ որ չյարգեցին, միջոցառման չէ որ անհրաժեշտ կարեւորութիւն չտուին, Սիրոյ Սեղանները չէ որ արհամարհեցին, այլ կամայ-ակամայ «պատժեցին» սիրասուն տղաքը, պճլտուն աչքերով այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք Պատարագի սկիզբէն մինչեւ վերջ դասուն մէջ նստած, խոնարհութեամբ, երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութեան, որոնք գուրգուրալից բոյն մը ունին Գալֆաեանի երդիքին տակ, որոնք նուիրեալ ուսուցիչներու հետ միասին ո՛չ միայն գիտելիք կը ստանան, այլ նաեւ իրենց ինքնութիւնը կը ձեւաւորեն հայ մնալու համար։

Բացակաները ներողութիւն կը պարտին նաեւ Ծնողաց Միութեան անդամուհիներուն, որոնք այնքան խնամեալ սեղաններ պատրաստած էին, Գալֆաեանի խորհրդանիշ՝ ճերմակ ու կապոյտ գոյներու գեղեցիկ համադրութեամբ, ճաշակաւոր մատուցումով, իրենց սիրոյ կաթիլներէն «ցոլք»եր բաժնելով եւ ո՜վ գիտէ որքան մեծ դժուարութիւններով։ Պարապ էին յատկապէս այն սեղանները, ուր կը նստին կարեւոր հիւրերը, համայնքային վագըֆներու պատասխանատուները, այսինքն մեր մեծ ընտանիքին մէջ բացականերուն թիւը երէկ բարձր էր։ Կիսատ մնացինք ու բոլորս կորսնցուցինք…։

***

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 10 Դեկտեմբեր 2023, Կիրակի, նախագահեց Գալֆաեան Տան հաստատութեան տարեդարձին առթիւ մատուցուած գոհաբանական Սուրբ Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ եւ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Ուխտի միաբան Առաք. Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Քահվէճիօղլուի։ Արարողութեանց ներկայ էր Մայր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Երանելի՜ է մանաւանդ տալը քան առնելը» (Գործք Առաքելոց, 20.35) բնաբանով։ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր վարդապետութեան մէջ ցոյց կու տայ, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ աւելի երջանիկ ըլլալ։ Մարդ մեր օրերուն դժբախտաբար ընդհանրապէս եսակեդրոն կամ եսամոլ դարձած է եւ այս պարագան կեանքը կը բերէ մերօրեայ վիճակին։ Մինչ այդ մարդ երբ կը հասուննայ, կը սկսի տալ եւ այդ տալու պարագան երջանիկ կը դարձնէ մարդը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ օրուան Ճաշու Աւետարանի հատուածին, ուր Քրիստոս կը խօսէր հարուստ մարդու մը սարքած խնջոյքի մասին։ Քրիստոս կը թելադրէր, նախապատիւ համարել աղքատներուն, կոյրերուն, կաղերուն, այլ խօսքով փոխարէն հատուցանելու կարողութիւն չունեցողներուն համար սարքուած խնջոյքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս մէկը նկատեց տալով երջանիկ ըլլալու գործընթացին յաջորդ քայլը։ Նման արարքով մարդ թէ այս աշխարհին մէջ կրնար երջանիկ ըլլալ։ Նաեւ հանդերձեալ կեանքի մէջ ալ կ’ուրախանար երբ Աստուած յիշեցնէր իրեն իր ըրած բարիքները։ Աստուած մարդոց ի նպաստ եղած բարիքները կ’ընդունէր որպէս կատարուած բարիքներ Իրեն հանդէպ։ Պատրիարք Հայրը Գալֆաեան Որբանոցի հակիրճ պատմականը ընելով, յիշեցուց թէ հաստատութիւնը արդիւնքն էր Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի նուիրուածութեան, բարեսրտութեան, կարօտեալներու ու որբերու օգնելու պատրաստակամութեան։ Մեր այս գողտրիկ Վարժարանը, որ հիմնուած էր որպէս որբանոց, եւս պէտք է ապրէր որպէս սրբազան ժառանգ, ամէն զոհողութիւն կ’արժէր յանձն առնել զայն ապրեցնելու համար, որպէսզի շարունակէ մեզի նոր սերունդներ հասցնել։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Գալֆաեանի Խնամակալութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Վարժարանի տնօրէնութեան ու կրթական մշակներուն, որոնք կը ջանան նոր կեանք բերել Գալֆաեան Վարժարանին։ Ապա հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան ի Քրիստոոս ննջած Գալֆաեան Վարժարանի հիմնադիր Սրբուհի Մայրապետը, Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութեան մայրերն ու քոյրերը, ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ սաները, բոլոր բարերարներն ու սատարողները եւ վարժարանի խնամակալութեան անդամները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆաեան Որբանոցի։ Նորին Ամենապատուութեան սեղանակից եղան Յարութիւն Վարդապետը, Գրիգոր Աւ. Քահանան, քոյր Գայիանէ, բարերար Հայկ Ասլանեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Սարգիս Չէթինգայա, Դպրեվանքի նախկին ու այժմու Ատենապետները Թորոս Ալճան եւ Էօզկիւր Տէմիրճի։

Հաւաքոյթի խօսնակն էր վարժարանի դասարանի ուսուցչուհի Լիէնա Կիւլ։ Ան ներկաները ողջունելէ ետք գործադրութեան դրաւ օրուան յայտագիրը։ Ելոյթներ ունեցան Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ Խնամակալութեան Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա։ Տնօրէնուհիի ելոյթը կեդրոնացած էր վարժարանէն ներս տարուած աշխատութիւններու, այն նպատակներուն վրայ, որով կ’առաջնորդուէին տղաքը կրթելու, հայաբոյր եւ հայաշունչ մթնոլորտին մէջ անոնց ուսումը կազմակերպելու համար։ Անդրադարձաւ նաեւ վարժարանի կարեւոր առաքելութեան, յիշեցնելով որ գիշերօթիկ սաներուն համար եւս հարազատ բոյն մըն է Գալֆաեանը, ուր աշխատող ամէն ուսուցչի եւ պաշտօնեայի համար նուիրումն է կարեւորը։

Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա իրենց մէկ տարուայ գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ, ընդգծելով որ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, կուրծք կուտան դժուարութիւններուն։ Պատմեց որ երկրաշարժէն ետք գիշերօթիկի շէնքը փակած էին, որովհետեւ շէնքը դիմացկուն չէր, սաները տեղափոխած էին հաւաքովի տուներ, անմիջապէս զանոնք նորոգած ու բարեկարգած էին տղոց համար, վարժարանի շէնքի ամրութիւնն ալ ստուգել տուած էին եւ բարեբախտաբար արդիւնքը դրական եկած էր։

Վարժարանի աշակերտները խումբ առ խումբ բեմ ելլելով պարերով, երգերով ու արտասանութեամբ մասնակցեցան յայտագրին, մինչ նուիրահաւաքում կը կատարուէր։

Խնամակալութիւնը յարգանքի տուրք ունէր նաեւ նախկին վարիչներուն։ Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան նախկին Ատենապետներէն Դանիէլ Անթիքաճըօղլուին, Արամ Գալէնտէրօղլուի Ալէն-Տիրան Ներկիզի եւ Յարութիւն Շէշէթեանի։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը։ Պիւտճէի բացը կը հասնէր 11 միլիոն լիրայի, բայց հաւաքուած գումարը 5 միլիոն լիրա էր։ «Իրաւունք չունինք իր խնդիրներուն հետ առանձինն թողելու Գալֆաեանի խնամակալները։ Պէտք է զօրացնենք հաւաքական կեանքի շղթայի Գալֆայեանի օղակը, որովհետեւ եթէ օղակ մը փրթի, շղթան չի կրնար կատարեալ ըլլալ։ Պարտաւոր ենք համախումբ ըլլալու եւ զօրակցելու Գալֆաեանին։ Եթէ պէտք ըլլայ երկրորդ Սիրոյ Սեղան մը եւս սարքելու ենք նիւթական բացը հաւասարակշռելու համար», նշեց Պատրիարք Հայրը եւ հաւաքոյթը աւարտին հասցուց միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/111223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın