Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը կայացաւ:
Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը:
Օրակարգի առաջին կէտով Նորին Ս. Օծութիւնը զեկուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահին եւ քոնկրեսականներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ հանդիպումներու ընթացքին անոնց փոխանցած է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, այդ վերադարձը իրականացնելու համար անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու ապահովման եւ ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու հարցերը։
Այնուհետեւ, նիստի երկրորդ մասը յատկացուեցաւ Հայաստանի մէջ գտնուող Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող անձնաւորութեանց տարած խորհրդակցութիւններուն։
Օրակարգի երկու կէտերուն յաջորդեցին աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկումներ, որոնք ներառած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի բաժնի վարիչին յայտարարութիւնները, Պաքու կատարած այցելութիւնը, Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ յանկարծակի որոշուած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնները։
Արցախի մէջ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գերիներու փոխանակման եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած նախկին նախագահներու եւ պետական գործիչներու ազատ արձակման իրաւական եւ քաղաքական միջոցներու մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները համալրեցին օրակարգը։
Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նման բարձրորակ եւ օգտաշատ քննարկումներու կայացման նկատմամբ՝ շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է համահայկական օրակարգի կէտերու մշակումը եւ այս պարագային Արցախի նոր իրավիճակի լոյսին տակ հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական եւ տեղեկատուական մարզերու մէջ համակարգուած աշխատանք տանիլը։
Առցանց նիստի մասնակիցները շեշտեցին, որ այս հարթակին վրայ նման քննարկումներ շարունակելը կենսական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու ուղենիշներ ճշդելու առումով։
Մասնագիտական հարթակի յաջորդ առցանց նիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2023-ին։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun