İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՏԵԱՆԷՆ ՎՃԻՌ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍԻՆ

2019ի Պատրիարքական ընտրութիւններու շրջանին, ընտրական կանոնակարգը անվաւեր ճանչնալու դիմում մը ներկայացուած էր դատական պետական խորհուրդին։ Համայնքէն կարգ մը շրջանակներ քննադատեցին կանոնագրութիւնը, որովհետեւ սահմանափակումներ կային թեկնածուներու մասնակցութեան դէմ։ Անոնք որոնք ծնունդով Թուրքիայէն էին, բայց կը ծառայէին արտասահմանի մէջ, չէին կրնար մասնակցիլ ընտրութեան։ Այս որոշումով կ’ոտնահարուէր թեկնածուներու ընտրելու եւ ընտրուելու ազատութիւնը, կրօնքի ու խղճի ազատութիւնները։

Փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլ խումբ մը անձերու անունով գանգատ ներկայացուց իրաւական ատեաններուն։ Ահաւասիկ, պետական խորհուրդի 10րդ պալատը մերժեց դիմումի քննութիւնը։ Նշուեցաւ որ ընտրական կանոնագրութիւնը պատրաստուած է, նկատի առնելով հանրութեան շահը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները։ Ի տարբերութիւն պնդումներու, սահմանափակումներ չեն եղած թեկնածուներու հարցով։

Դատարանի վճռին մէջ կը նշուի. «Երկրէն դուրս ապրողներ չեն կրնար մասնակցիլ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընտրութիւններուն։ Ընտրութիւնը կը վերաբերի միայն Թուրքիոյ հայ համայնքին եւ թեկնածու կրնան առաջադրուիլ միայն Պոլսոյ աթիռին թուրքիաբնակ միաբանակից եպիսկոպոսներ»։

Փաստաբան Ասլանկիլ պիտի բողոքէ դատարանի վճռին դէմ։

http://www.normarmara.com/arsiv2023-2/071223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın