İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՕԳՏԱԿԱՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութեան եւ Սիրոյ Սեղանի ընթացքին Պատրիարք Հայրը լաւ լուր մը տուած էր թաղեցիներուն, ըսելով որ նորարարութիւններ պիտի սկսէին եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Այդ աշխատութիւնները նախատեսուած էին մանուկներու համար։

Ահաւասիկ օգտաշատ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ։ Քոյր Գայիանէի առաջնորդութեամբ ամէն Կիրակի, Ս. Պատարագի ընթացքին, հաւատացեալ ընտանիքներ կրնան իրենց զաւակները յանձնել Քոյր Գայիանէի հսկողութեան, իսկ իրենք մասնակցիլ Ս. Պատարագի։ Այդ տղոց համար տարբեր յայտագիր մը մշակուած է։ Թէ՛ ընթերցանութիւններ կը կատարուին, թէ տղոց կը պատմուի Ս. Գիրքը՝ անոնց հասկնալի մօտեցումներով, թէ հաճելի զբաղումներ կը կազմակերպուին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/051223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın