Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի յիշատակ հոգելոյս Արեգ Գույումճեանի։ Այս վերջինը եղած էր ակումբի նախկին մարզիկներէն, վարչայիններէն եւ ամբողջ կեանքին տեւողութեամբ ներգրաւուած էր մարզական գործունէութեան։ Շաբաթավերջին կազմակերպուած մրցաշարքին 11-17 տարեկանէ 45 մարզիկ մասնակցեցաւ։ Երեք դասաւորման մէջ մրցեցան պատանի մարզիկները՝ մինչ անոնց մրցակցութեան հետեւեցան Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Արեգ Գույումճեանի կողակիցը՝ Ռիթա Գույումճեան եւ հարազատները։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Ալէն Թեքպըչաք վերյիշեց Արեգ Գույումճեանի կողմէ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ ներդրուած եռանդն ու ապահովուած ձեռքբերումները։
Մրցաշարքի արդիւնքին իգական մարզիկներու դասաւորման մէջ դափնեկիր դարձան՝ Միլա Տեւէճեան, Թալիա Գույումճու եւ Գարին Իրլան։
Արական մարզիկները երկու խմբաւորման մէջ մրցեցան։ Միջնակարգի դասաւորման դափնեկիրները հանդիսացան՝ Արտա Արեգ Գույումճու, Ռոնին Քուրթլիեան եւ Սիմոն Աքպապա, իսկ լիսէականներու դասաւորման մէջ առաջին երեք հորիզոնականը զբաղեցուցին՝ Արաս Էօրնէք, Գամէր Էօզեըլմազ եւ Սասուն Համբարեան։
İlk yorum yapan siz olun