Աթէնքէն կը հաղորդեն որ հայ-յունական հետազօտութիւններու կեդրոնը սկսած է հրատարակել յունատառ «ՖԻԼԻԱ» ¤Բարեկամութիւն_ ամսագիրը։ Ամսագրի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1 Դեկտեմբերին։ Պարբերականի նպատակն է ամրացնել Հայաստանի եւ Յունաստանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, Հայաստանի եւ հայութեան մասին առկայ տեղեկատուութիւնը հասանելի դարձնել Յունաստանի մէջ ապրող տասնեակ հազարաւոր հայութեան այն ներկայացուցիչներուն, որոնք դժուարութեամբ կը հաղորդակցուին հայերէնով։
Ամսաթերթը անվճար պիտի տրամադրուի յոյն հետազօտողներուն, քաղաքական վերլուծական կեդրոններուն, համալսարանականներուն, լրագրողներուն, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն, յոյն քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն։
Թերթին կ’աշխատակցին Աթէնքի եւ Յունաստանի այլ քաղաքներու հայ ու յոյն մտաւորականներ։
İlk yorum yapan siz olun