İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՓԱՔ ԹԱՒՈՒՔ» ԹՌՉՆԱԲՈՒԾԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Թռչնաբուծական արտադրութիւններու ընկերութիւններու միջեւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ «Փաք թաւուք» ընկերութիւնը։ Ընկերութեան սեփականատէրը համայնքիս բարերարուհիներէն Անահիտ Պօզաճեանն է։ «Փաք թաւուք»ը նախընթաց օր մրցանակակիր դարձաւ «թխսացման պատրաստ հաւկիթներ» ¤քուլուչքալըք եումուրթա_ անուանակարգին մէջ։

Արդարեւ Թուրքիոյ արտածումներու միութիւնը նախընթաց օր կազմակերպեց իր տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը եւ հրապարակեց անունները այն ընկերութիւններու, որոնք լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած են եւ հեղինակութիւն կը վայելեն թռչնաբուծական արտադրութիւններու ոլորտէն ներս։

Մեր վարչական տնօրէն Այգ Հատտէճեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Տիկին Անահիտ Պօզաճեանի հետ. թէ՛ շնորհաւորեց զինքը, թէ՛ տեղեկութիւններ ստացաւ պատուաբեր այս նոր յաջողութեան մասին։ Այո՛, մեծ պատիւ է այն որ «Փաք թաւուք»ը անմրցելի է «թխսացման պատրաստ հաւկիթներ»ու անուանակարգին մէջ եւ չորս տարիէ ի վեր լաւագոյնը կը հռչակուի բազմաթիւ ընկերութիւններու ընդմէջէն։ Թէեւ պայմանները շատ դժուարացած են եւ ուքրանական պատերազմի պատճառով մեծ խնդիրներ կան ցորեն եւ եգիպտացորեն ներմուծելու, հաւերը կերակրելու հարցով, բայց իրենք չեն վհատիր, սիրով ու նուիրումով կ’աշխատին, մարդիկ վստահութիւն ունին «Փաք թաւուք»ի արտադրութեանց նկատմամբ, ինչ որ պատասխանատուութեան հետ միասին, աշխատելու կորով կը ներշնչէ ընկերութեան աշխատակիցներուն։

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ընկերութեան եւ Պօզաճեան ընտանիքին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/021223lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın