Ֆրանսահայ արժէքաւոր դերասանուհի, բեմադրիչ, «Ազնիւ-Զարեհ Արշակ» թատրոնի հիմնադիր Պերթա Կիւվէն կը պատրաստուի բեմադրել Ռ. Հատտէճեանի այնքան համբաւաւոր, այնքան սիրուած «Մահը ա՞յս է արդեօք» թատերախաղը։
Մեր ընթերցողները պիտի յիշեն որ Պերթա Կիւվէն եւ «Ազնիւ-Զարեհ Արշակ» թատերախումբը անցեալ տարի, Մարտ ամսուն Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ բեմադրած էին մեր սիրելի բարեկամ, պոլսահայ Արտաւազդ Պեզիրճեանի գործը, «Ղուկասին կինը» թատերախաղը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած էր Նիսի հայ համայնքէն ներս։ Օրին արձագանգած էինք այս լուրին, գնահատելով Պերթա Կիւվէնի ու իր ընկերներուն յաջող աշխատանքը։
Պերթա Կիւվէն, որ հայ թատրոնի սիրահար մըն է, իր այս յատկութիւնը ժառանգած է իր մեծհօրմէ՝ Զարեհ Արշակեանէն։ Զարեհ Արշակ իր կարգին պոլսահայ թատրոնի հանրայայտ ներկայացուցիչներէն մէկը եղած էր, նաեւ թերթիս աշխատակից՝ երկար տարիներու ընթացքին։ Ուրեմն քանի մը ամիս առաջ, երբ Պերթա Կիւվէն մեզի դիմեց, առաջարկելով եւ արտօնութիւն խնդրելով Ռ. Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» թատերախաղը բեմադրելու համար, անշուշտ ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ ընդունեցինք առաջարկը։ Պերթա անմիջապէս գործի լծուեցաւ քանի մը ամսուան մէջ պատրաստուեցաւ ներկայացման։ Ան թէ՛ բեմադրիչն է, թէ՛ կը մարմնաւորէ իր որդւոյն ճամբան սպասող անբախտ հերոսուհին։
Մեր ընթերցողներէն շատեր գիտեն որ այս ներկայացումը մենախաղ մըն է եւ կը պատմէ մօր մը, պանդուխտ հայ զաւկի մը կողմէ լքուած եւ հետզհետէ մոռցուելու դատապարտուած հայ մօր մը զգացումներու մասին։
«Մահը ա՞յս է արդեօք» մենախաղը առաջին անգամ Պոլսոյ մէջ բեմադրուած էր արժէքաւոր դերասանուհի Անի Իփէքքայայի դերակատարութեամբ, յետոյ Գանատայի մէջ նախկին պոլսահայ դերասանուհի Սիրարփի Աճէմեանի կողմէ Գանատայի մէջ, այնուհետեւ դարձեալ Պոլիս՝ Սօսի Ճնտոյեանի դերակատարութեամբ եւ այլ գաղութներէն ներս։
Այժմ Պերթա Կիւվէնի մարմնաւորումով «Մահը ա՞յս է արդեօք»ը պիտի ներկայացուի 20 Յունուար 2024 Շաբաթ օր, Նիսի «Ֆրանսիս Կակ» թատերասրահին մէջ, «ԱԶԱԹ» (Ազնիւ-Զարեհ Արշակ թատերախումբ) թատերախումբի մասնակցութեամբ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun