Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութեան ընթացքին, ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան բացման նիստին աղօթքը կատարելու։ Աղօթքը խմբագրուած էր Հայրապետին կողմէ, ուր յիշուած էր, թէ «աւելի քան 100,000 հայորդիներ, որոնք վերջերս պարտադրաբար հեռացան Ղարաբաղէն՝ իրենց դարաւոր հայրենիքէն, կը դիմագրաւեն անորոշութիւն ու ահաւոր դժուարութիւններ»։
Յայտնենք, որ Քոնկրեսի բացման նիստէն առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակին՝ Մայք Ճոնսընին հետ եւ անոր պարզած էր Արցախի հարցը եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը։
Նոյն օրը Նորին Ս. Օծութիւնը ստորեւ կցուած գնահատագիրը ստացաւ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակէն։
Աղբիւր։ Cilicia TV https://www.facebook.com/CiliciaTv
İlk yorum yapan siz olun