Փաստաբան Սելինա Տողան, Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան կազմէն ներս Խորհրդարանի 25րդ եւ 26րդ գումարման երեսփոխան եղած է եւ որպէս օրէնսդիր մարմնի անդամ իր ծառայութիւնները բերած երկրի քաղաքական կեանքին, այժմ կը պատրաստուի տեղական մարմիններու ընտրութեան։ Ան Կղզիներու քաղաքապետութեան համար թեկնածութեան թեկնածու առաջադրուած է՝ 31 Մարտ 2024ի ընտրութիւններու գծով։
Սելինա Տողան երեսփոխանութիւնը ձգելէ ետք, 2019ին ընտրուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ, իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները կեդրոնացնելով տեղական մարմինները զարգացնելու գործին վրայ։
Հիմա նոր ճամբայ մը կը բացուի իր դիմաց։ Սելինա Տողան կղզիներէն ներս բարեփոխումներու ծրագրով, համայնքի ու ժողովուրդի զօրակցութեամբ պիտի փորձէ նախ թեկնածութեան թեկնածուէն հիմնական թեկնածու հռչակուիլ, յետոյ պայքարիլ քաղաքապետութեան համար։
Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։
İlk yorum yapan siz olun