Ուրախ լուր մը ունինք համայնքին ու ընթերցասէր հասարակութեան։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի միաբան, ներկայիս Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ, թերթիս աշխատակից՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի քանի մը տարուայ աշխատութիւնները, որոնք ուսումնասիրական բնոյթով լուսարձակի տակ առած էին Հայոց Պատրիարքութեան հովանիի ներքեւ գործող վանական ու դպրեվանական կառոյցները, հաւաքուած են հատորի մը մէջ եւ լոյս ընծայուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչատան կողմէ։
Մայր Աթոռը ընկերային ցանցի իր պաշտօնական կայքէջերու վրայ երէկ «Նոր հրատարակութիւններ» անուան տակ, կը հաղորդէր լուրը, նշելով որ գիրքը լոյս տեսած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ կը կրէ «Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» խորագիրը։ Գրքի խմբագիրներն են պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աւետիս Յարութիւնեան, եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշէնքճեան։
Մայր Աթոռին կողմէ հետեւեալը կը հաղորդուի նորատիպ այս հատորի մասին։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի «Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» անունով հատորը։
Մինչեւ այսօր Հայց. եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան մէկ մասնիկը կը կազմէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կրթութիւնը՝ միջնորդաւորուած հոգեւորականներու պատրաստութեամբ։ Այս առաքելութենէն անմասն չեն մնացած նուիրապետական բոլոր աթոռները, անոնց կարգին նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը։ Նորատիպ հատորը նուիրուած է Պատրիարքութեան հովանիի տակ գործող վանական ու դպրեվանական կառոյցներու ուսումնասիրութեան։ Աշխատութեան ուժեղ երեսակներէն մէկը հաստատութիւններու թեր ու դէմ կողմերու քննութիւնն է՝ համապատասխան եզրակացութիւններով եւ յոյսով դէպի ապագայ նայելու տեսլականով։ Այս երեւոյթը կ’իմաստաւորէ աշխատութեան գործնական ու արդիական ըլլալու արժէք։ Նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակին համար»։
*
Սրտանց կը շնորհաւորենք Յարութիւն Վարդապետը, որու ուսումնասիրական յօդուածները հաճոյքով կը կարդացուին մեր ընթերցողներուն կողմէ եւ որոնք պատմական տեսակէտով կարեւոր ծառայութիւն են հայ ժողովուրդին։ Կասկած չունինք նաեւ որ ամենակարճ ժամանակի մէջ գինեձօն մը կը սարքուի այս հատորին համար եւ գիրքը հասանելի կը դառնայ պոլսահայութեան։
İlk yorum yapan siz olun