İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՎՃԻՌ ՄԸ ԱՐՁԱԿԵՑ ՎԱԳԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք յանուն անձնական նպատակներու, յանուն ինքնահաստատման, յանուն «ես»ի, խնդիրներ ստեղծել համայնքային առօրեայ կեանքին մէջ։

Մինչեւ ե՞րբ յամառօրէն անձնականը պիտի զոհաբերենք հաւաքականին, առանց հասկնալու որ կարճատեւ կամայական «յաղթանակ»ները ի վերջոյ կ’արժեզրկուին, բայց անոնց հետեւանքները թէ՛ ժամավաճառութիւն, թէ՛ նեղսրտութիւն կը պատճառեն հասարակաց շահին։

Ահաւասիկ, մեզմէ շատերուն մտքին մէջ երէկ այսպիսի հարցումներ գլուխ բարձրացուցին այն վայրկեանէն սկսեալ, երբ յետմիջօրէի ժամերուն լսեցինք որ վարչական հարցերով տեղական դատարանը վճիռ մը արձակած է՝ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի 12 Մարտ 2023ի ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու մասին։

Լուրը անծանօթ աղբիւրի մը կողմէ սպրդեցաւ պոլսահայ մետիայի դաշտէն ներս եւ արագօրէն տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու մէջ։ Ու թէեւ դատը բացուած է նախկին Թաղային Խորհուրդի անունով եւ մեղադրուած կողմը Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնն է ¤ՎԸՏ_, կամայ-ակամայ, այժմու Թաղային Խորհուրդը նոյնպէս «մասնակից» կը դառնայ գործընթացին։ Գնահատելի է որ Թաղային Խորհուրդը, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, ո՛չ միայն տեղի-անտեղի շահարկումները կանխեց, այլ նաեւ համայնքը տեղեակ պահեց իրաւական զարգացումներէն։ Հաղորդագրութիւնը զոյգ լեզուներով կը ներկայացնենք ստորեւ։

«Համայնքը տեղեկացաւ որ տեղական դատարանը մասամբ ընդունելով, մասամբ մերժելով, վճիռ արձակած է 12 Մարտ 2023ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու մասին։ Տեղական դատարանի որոշումները վերջնական բնոյթ չունին եւ անոնց դէմ բողոքարկումը՝ իրաւական լուծում է։ Մեղադրեալ կողմը Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնն է։ Որոշման դէմ իրաւական գործընթացներուն մաս կը կազմեն Վերաքննիչ եւ Վճռաբեկ ատեաններու մէջ դատավարութիւնները։

Ի հարկէ պիտի հետեւինք զարգացումներուն եւ անոնց մասին աւելի յստակ լուսաբանութիւն պիտի կատարենք երբ հրապարակուի թէ որո՞նք են վճռի պատճառները։ Թաղային Խորհուրդը նոյն վճռակամութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։

Յարգանք ունինք համայնքի հասարակաց կարծիքին հանդէպ»։

***

Իրաւական խնդրի մասին յաւելեալ բացատրութիւններ ստանալու համար մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի հետ։ Ինչպէս վերը գրեցինք դատարանը «մասամբ ընդունած, մասամբ մերժած է մեղադրող կողմի դիմումը»։ Այս կէտը անհասկնալի է եւ ինչպէս Պր. Խաչիկ ըսաւ, իրենք ալ չեն կրնար յստակ բացատրութիւն մը տալ, որովհետեւ վճիռը ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ արձակուած է, իսկ պատճառաբանութիւնները դեռ չեն հաղորդուած։ Դատարանը սա կամ նա պատճառներով ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու վճիռ արձակած է, բայց ի՞նչ պատճառներով, այդ մասին դեռ որեւէ լուսաբանութիւն չկայ։ Խաչիկ Ճանէլ սապէս մեկնաբանեց իրավիճակը.

«Դատարանի վճիռը միջանկեալ որոշում մըն է եւ պարտադիր չէ, որովհետեւ բողոքարկելու ճամբաներ կան՝ վերաքննիչ եւ վճռաբեկ, նոյնիսկ՝ գերագոյն դատարան։ Տրուած ըլլալով մեղադրեալ կողմը ո՛չ թէ անձ է, այլ պետական մարմին մը, գործընթացները պետական մարմիններու միջեւ են։ Թաղային Խորհուրդը պետութեան կողմէ լիազօրութիւն ստանձնելով ¤մազպաթա_ պաշտօնի կոչուած է, այդ լիազօրագիրը տրուած է Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ, ուստի մի՛այն այս մարմինն է որ կրնայ չեղեալ նկատել մեզի տրուած լիազօրութիւնը, այդ ալ եթէ հիմնաւոր պատճառներ ըլլան։ Պետական մարմիններէն ներս կանոն մը կայ։ Երբ որեւէ վճիռ մը արձակուի ՎԸՏի դէմ, այդ կառոյցը պարտաւոր է բողոքելու, հակառակ պարագային յանցաւոր պիտի ըլլայ։ Այսինքն իրաւական բաւական երկար գործընթաց մը խնդրոյ առարկայ է։ Եթէ վերաքննիչ դատարանը մերժէ, իրաւական համակարգի միւս ատեաններու մէջ ալ պիտի քննարկուի այս հարցը։ Տարիներ կը տեւէ, հաւանաբար հինգ տարի անցած պիտի ըլլայ եւ նոր ընտրութիւններ իսկ կատարուած պիտի ըլլան, հասնելով տեղ մը երբ դատարանը «հարց» պիտի չունենայ քննելու համար»։

Ահաւասիկ ա՛յս է խնդիրը։ Կը մնայ քանի մը օր սպասել, կարդալու համար թէ տեղական դատարանը ի՞նչ պատճառաբանութեամբ է որ ընդառաջած է նախկին Թաղային Խորհուրդի դիմումին եւ արձակած է այսպիսի վճիռ մը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/301123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın