İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԵՒՍ ՊԱՏՈՒՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ

«Լուսաւորիչ» երգչախումբի եւ «Եոլճու» թատերախումբի ճամբաները իրարու հետ խաչաձեւուեցան «Կոմիտաս» մենախաղի շնորհիւ։ Մենախաղը երեք տարիէ ի վեր բեմի վրայ է։ Ներկայացումները միայն Իսթանպուլով չսահմանափակուեցան։ «Կոմիտաս»ը բեմադրուեցաւ երկրի զանազան քաղաքներու, նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքի մէջ։

Բազմիցս գրեցինք այս խաղի մասին, որու յաջողութիւնը ծնունդ կ’առնէ թէ՛ Կոմիտասի դերակատարի, թէ՛ Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ Կոմիտասեան յօրինումներու շնորհիւ։

Պատուաբեր նոր լուր է այն, որ Անգարայի մէջ թատերական փառատօնն ալ փակուեցաւ «Կոմիտաս» խաղի ներկայացումով։ 27 Նոյեմբերի գիշերը Անգարայի «Եըլմազ Կիւնէյ» թատերասրահը լեփ լեցուն էր։ Մայրաքաղաքի արուեստագէտները այս ներկայացման շնորհիւ ճանչցան Կոմիտասն ու անոր կեանքի ողբերգական վերջաբանը։ Գնահատանքի արտայայտութիւններու պակաս չկար, բոլորը տպաւորուած էին խաղէն, բայց ծանրակշիռ էր նաեւ թախիծն ու տրտմութիւնը։ 

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/291123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın