İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երկիրը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Սթրազպուրկի Ս. Ծննդեան տօնավաճառին, որ լայն ճանաչում ունի Եւրոպայի տարածքին։

Ներկայացուած են 60 հայ վարպետներու 400 տեսակ ձեռագործ աշխատութիւններ։ Հայկական զարդանախշերով ստեղծուած Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի խորհրդանիշները շուրջ ամիս մը պիտի զարդարեն հայաստանեան հիւրընկալ տաղաւարը։ Այս տաղաւարը տեղակայուած է Սթրազպուրկի «Սէն Թոմաս» հրապարակի վրայ։ Տօնավաճառի բացումը կատարուած է 24 Նոյեմբերին։ Այցելուներուն կ’առաջարկուին հայկական կենսունակ ժառանգութիւն, այդ կարգին՝ գորգագործութեան, ասեղնագործութեան, թաղիքագործութեան, փայտարուեստի լաւագոյն նմոյշները։

Համաեւրոպական այս կարեւոր հարթակին վրայ ներկայանալը պիտի նպաստէ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման, միջմշակութային երկխօսութեան եւ ընդլայնումին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/281123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın