İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԱՐԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՄՈՒՐՋ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը ընկերային ցանցերու վրայ հերթական հրապարակումով հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին։ Այս գրադարանի համալիրէն ներս կը գործէ Հայկական գրատպութեան թանգարանը, ուր մամուլին յատկացուած բաժնին մէջ կարեւոր տեղ տրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերստին կողք կողքի ներկայացուց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երկու բացառիկ թիւերը, որոնք հրատարակուած են 100 տարուան տարբերութեամբ, ինչ որ անգամ մը եւս յատկանշական խորհրդանշան մը կը դառնայ եւ շօշափելի ապացոյց մը՝ թէ՛ թերթս կը շաղկապէ դարերը եւ թէ կ՚ածանցէ մշակութային արժէքներու շարունակականութիւնը։

Խնդրոյ առարկայ թերթերէն մին հրատարակուած է հայկական գրատպութեան 400-ամեակին, իսկ միւսը՝ 500-ամեակին առթիւ։ Երեւանի Հայկական գրատպութեան թանգարանին մէջ կողք կողքի զետեղուած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս երկու յոբելենական բացառիկ թիւերը։   

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-11-2023-դարերու-միջեւ-կամուրջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın