İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԻՆ ՄԵԶԻ

Տակաւին հազիւ չորս-հինգ տարի առաջ, մեր դպրոցներուն մէջ տնօրէնութիւններն ու ուսուցիչները աշակերտներու համար նախատեսուած այցելութիւններու եւ պտոյտներու տարեկան ծրագիրը կազմելու ատեն անպայման տեղ կուտային նաեւ պոլսահայ մամուլի խմբագրատուներ այցելութիւններուն։ Գրեթէ ամէն ամիս այցելութիւններ կ’ունենայինք, յատկապէս մշակոյթի ամսուայ առիթով գրեթէ ամէն օր այցելուներ կ’ունենայինք։ Տղաքը կուգային, խմբագրատան մէջ տարբեր մթնոլորտ կը ստեղծէին, իրենց ուրախ պոռչտուքներով մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնէին եւ շնորհիւ ուսուցիչներուն, արթուն կը պահէին՝ մամուլ-դպրոց կապը։

Ի՜նչ մեղք սակայն, որ այնպէս, ինչպէս բազմաթիւ աւանդութիւններ իրենց տեղը թողուցին նոր բարքերու եւ նոր իրականութիւններու, կամայ-ակամայ դպրոցներուն մէջ եւս անշքացաւ պոլսահայ մամուլը։ Համաճարակի երեք տարիներու ստիպողական սահմանափակումներէն ետք կարծեցինք որ սովորութիւնները պիտի վերականգնուէին, բայց այդպէս չեղաւ։ Թէեւ աշակերտական հանդէսներու առիթով մէկ-երկու աշակերտ եկան, ուսուցիչներու հետ միասին հրաւիրագրեր բերին մեզի, բայց խմբային այցելութիւններու մասին խօսք չկար։

Այդպէս էր մինչեւ երէկ։

Երէկ, կէսօրուայ ժամերուն, առաջին ծիծեռնակները ունեցանք խմբագրատան մէջ։ Այդ սիրասուն տղաքը Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 7րդ դասարանի աշակերտներն էին։ Այցելութիւնը կը պարտէինք հայերէնի ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւնի, որ թէ՛ նուիրեալ ուսուցչուհի է, թէ՛ կը սիրէ հայ գիրն ու գրականութիւնը, թէ՛ հարազատութեան կապ մը ունի մեր խմբագրակազմի հետ։

Չենք կրնար ըսել՝ մե՞նք էինք աւելի ուրախ, թէ տղաքն էին խանդավառ 85ամեայ թերթի մը խմբագրատուն այցելած ըլլալու համար։ Աքսէլը, Արվէնը, երկու Երազները, Լէոն, Ատենը, Ժանը, Մելինան, Արին ու Արտան՝ մեր Թալինի եւ իրենց դասարանի ուսուցիչ Նորայր Քուշի առաջնորդութեամբ, ընտրած էին խորհրդանշական օր մը։ 20 Նոյեմբեր Մանկանց իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուայ առիթով եկած էին իրե՛նց այդ իրաւունքներու մասին բարձրաձայնելու Մարմարա-ի յարկին տակ, ձեռքերուն մէջ պարզելով այդ մասին լոզունգներով պաստառներ։

Անուշիկ էին բոլորն ալ, սահուն եւ վարժ հայերէնով մը մէկ առ մէկ կարդացին ԻՒՆԻՍԷՖի կողմէ ընդունուած հռչակագրի կարեւոր կէտերը։ Հարցումներ ուղղեցին մեզի, մենք ալ պատասխանեցինք։ Հետաքրքրուեցան մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի որպիսութեամբ։ Պատմեցինք թերթի, Ռ. Հատտէճեանի ունեցած մեծ վաստակի մասին, իրենց ներկայութեան շնորհակալութիւն յայտնեցինք նաեւ Թալինին, որ մայրենի լեզուն սիրելի կը դարձնէ, գիր-գրականութիւնը կը դասաւանդէ հայո՛ւ հոգիով։ Խնդրեցինք որ աշխատակցին թերթին, իրենց աշխատութիւնները ղրկեն մանկա-պատանեկան էջին, ինչ որ ալ ըլլայ՝ գրութիւն, ծաղրանկար կամ գծանկարչութիւն։

Անգամ մը եւս համոզուեցանք, փաստը ունեցանք այն ճշմարիտ խօսքին, որ ծնողք, ընտանիք եւ ուսուցիչ՝ լաւագոյն օրինակն են զաւկի, աշակերտի համար։ Մանաւա՛նդ դպրոցին մէջ, եթէ ուսուցիչը հայերէն թերթ կը կարդայ, եթէ կարեւորութիւն կուտայ հայ թերթը ապրեցնելու հրամայականին, անկասկած այդ սէրը կը սերմանէ նաեւ աշակերտներուն, սիրցնել կուտայ հայկականութեան հետ առնչակից ամէն իրողութիւն։

Երէկուայ այցելութիւնը ատոր վառ փաստն էր։ Երկուստեք գոհ էինք եւ շատ ուրախ։ Խմբանկարուեցանք։ Տղաքը գացին, բայց խմբագրատան պատերը կարծես դեռ կ’արձագանգէին անոնց ձայներով։

Սիրելի աշակերտներ, մեր դռները բաց են ձեր առջեւ։ Մի՛ մոռնաք որ հայ թերթը ընկերն է հայ տան եւ հայ դպրոցին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/231123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın