Տարեկան մատաղօրհնութիւններու եւ Սիրոյ Սեղաններու շղթայի մէջ Դեկտեմբերի առաջին օղակը պիտի կազմէ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձն ու համանուն վարժարանի ի նպաստ սարքելի Սիրոյ Սեղանը։
Բոլորիս համար անհերքելի է որ Գալֆաեան տունը նախախնամական դեր ունեցած է՛ եւ այժմ ալ այդ հանգամանքը կը պահէ համայնքային կեանքին մէջ։ Արեւելեան ափին վրայ կրթութեան այն բոյնն է, ուր ո՛չ միայն աշակերտներու մտային աշխարհը կը կերտուի, գիտելիքներու ովկիանը կը բացուի անոնց առջեւ, այլ նաեւ լաւագոյնս կը սերմանուի ազգային պատկանելիութեան աւիշը։ Ազգային հինգ հաստատութիւններէն մէկն է Գալֆաեան տունը ու թէեւ հիմա այլեւս այդպիսի հասկացութիւն մը չկայ եւ համայնքային մարմիններու նոր կանոնագրութեամբ ակամայ չեղեալ նկատուեցաւ այդ դրութիւնը, բայց բարոյական տեսակէտէ «ազգային»ի հանգամանքը կայ եւ յատկապէս ժողովուրդը ա՛յդ աչքով կը նայի Գալֆաեանին։
Երէկ, կէսօրէն ետք խմբագրատանս հիւրերը Գալֆաեանի խնամակալներն էին։ Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ գործակից ընկերները՝ հիմնադիր Թամար Գարասու, Մասիս Ռիւսթէմ, Սիմոն Գումրալ, Այգ Էրքման եկած էին մեզ հրաւիրելու իրենց տարեկան արարողութիւններուն։ Այցելութիւնը առիթ էր որ ծանօթանայինք Խնամակալութեան նորընտիր կազմին, իրենց ծրագիրներուն, աշխատութիւններուն եւ Գալֆաեանի մասին ապագայի տեսլականներուն։ Քանի որ համակարծիք էինք Գալֆաեանի մասին ունեցած պատկերացումներու, այս դպրոցի գիշերօթիկի բացառիկ կարգավիճակ ունենալու շուրջ եւ մանաւա՛նդ նկատի ունէինք որ Գարակէօզեան որբանոցն ու Դպրեվանքը այլեւս գիշերօթիկի բաժին չունին, մեր զրոյցը ընթացաւ այդ առանցքով։
Գալֆաեան տան ամենամեայ աւանդական արարողութիւնները 10 Դեկտեմբերին են։ Ատենապետ Սունա պատմեց որ անցեալ տարի, այս օրերուն, պաշտօնը ստանձնած են ունենալով 48 աշակերտ. 6ը շրջանաւարտ եղած են եւ ուրեմն 2023-2024ի համար 42 աշակերտներու թիւը ամբողջացուցած են 17 նոր սաներով։ Վարժարանը կը պահէ գիշերօթիկի իր կարեւոր առաքելութիւնը. իրենց դպրոցէն 6 աշակերտ եւ Դպրեվանքէն 8 աշակերտ ¤բոլորն ալ իգական սեռէն_ գիշերօթիկ դրութեամբ կ’ուսանին։ Պետական արտօնութեամբ կրնան 176 աշակերտի կրթութիւն ջամբել, բայց հիմա հազիւ այդ թիւի մէկ երրորդն է որ կ’ուսանի։ Խնամակալութիւնը կը հաւատայ որ աշակերտներու թիւը կրնայ բարձրանալ եթէ ամբողջ համայնքին մէջ հայկական վարժարաններու կրթութեան որակը բարձրանայ, նիւթական խնդիրներ չըլլան եւ ընտանիքներ նախապատուութիւնը տան ո՛չ թէ օտար վարժարաններու, այլ մե՛ր դպրոցներուն։
Պիւտճէի այս տարուան բացը 11 միլիոն լիրայի շուրջ է։ Գւմարին մէջ նկատի պէտք է ունենալ գիշերօթիկ տղոց պարագան, որովհետեւ 7-24 դրութեամբ ամէն ինչ կը ծառայէ տղոց։
Անցեալ տարուայ փետրուարեան երկրաշարժներէն ետք Խնամակալութիւնը անմիջապէս քննութիւններ կատարեց։ Գիշերօթիկի նախկին շէնքը ամրակայուն չէր, ուստի տղաքը տեղափոխուեցան վարժարանին մօտիկ կալուածապատկան վայր մը, հոն նորոգութիւններ կատարուեցան եւ ամէն ինչ կարգի բերուեցաւ տղոց համար բնակելի ապահով պայմաններ ստեղծելու համար։
Խնամակալները աննկուն ոգիով կ’աշխատին, վստահելով համայնքային զօրակցութեան։ Իրենց համար կարեւոր նպատակներէն մէկն է շահաբեր դարձնել այն կալուածը, որու արտօնագրային պայմանները այժմ թոյլատու չեն։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրթութեան Նախարարի հետ անցեալ շաբաթ կայացած հաւաքոյթի ընթացքին այս հարցը օրակարգի բերուած էր։ Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց որ պետական պատկան մարմիններ անմիջապէս կապ հաստատած էին իրենց հետ եւ իրենք լաւատես են որ հարցը պիտի լուծուի Գալֆաեան տան ի նպաստ։ Խնդիրը հետեւեալն է։ Ատենապետը պատմեց որ «կրթութեան համար» արտօնուած պայմաններու բերումով միայն պետական պայմաններով, պետական դպրոց մը կառուցանելու իրաւունք կը տրուի եւ խնամակալութիւնը պարտաւոր կ’ըլլայ զուգահեռ աշխատիլ պետութեան հետ։ Իսկ եթէ…։ Եթէ հարցը դրական լուծում ստանայ եւ արտօնութիւնը փոխուի «մասնաւոր կրթական արտօնագիր»ի, այն ատեն կրնան մասնաւոր դպրոցներու ցանցի մը մէկ մասնաճիւղը կառուցանել տալ, ատկէ մնայուն շահ մը ապահովել, նպաստաւոր պայմաններով համաձայնութիւններ կնքել եւ իրենց համար ալ նոր շէնք մը ձեռք բերել այդ հողատարածքի վրայ։
Խնամակալները յուսալից են յատկապէս այն իրողութենէն, որ ժողովէն հազիւ երկու օր յետոյ, պատկան մարմիններ անմիջապէս գործի անցած են եւ յառաջիկայ օրերուն հանդիպումներ պիտի կայանան այդ ուղղութեամբ։ «Մեր նպատակն է որ բարոյական որեւէ վնաս ալ չունենանք եւ մնայուն եկամուտ մը ապահովենք», դիտել տուին խնամակալները։
Յաջողութիւն մաղթեցինք խնամակալներուն, փայփայելով նաեւ յոյսը, որ համայնքը պիտի չզլանայ այս նախախնամական հաստատութեան հանդէպ բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւնը։
İlk yorum yapan siz olun