Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Նոյեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, ընդունեց Գալֆայեան Տան Խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Առաք, Քոյր Գայեանէ Տուլգատիրեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Ալֆրէտ Սունայի։
Վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Գալֆայեան Տան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութան հանդիսութեան, որ պիտի կատարուի 10 Դեկտեմբեր, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ Վարժարանի հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց մարդասիրական եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun