İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԱԹՈՒԼ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Բ. ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Երէկ, 19 Նոյեմբեր Կիրակի, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման Բ. տարելիցի լրման առթիւ Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ իր շիրմին մօտ։ Անուշեան ընտանիքի անդամները, հաւատացեալներ, Պէյօղլուի ու Ֆէրիգիւղի եկեղեցիներէն վարչայիններ հաւաքուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Հոգելոյս Ծայրագոյն վարդապետի շիրմին մօտ, Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան աղօթք բարձրացուցին Հայր Սուրբի յիշատակին։

Դժուար է հաւատալ, հաշտուիլ Հայր Սուրբի վախճանման իրականութեան հետ եւ ոգեկոչել իր յիշատակը, բայց միւս կողմէ մխիթարական է որ Հոգելոյս Գերապատիւ Հայրը հոգեւոր սպասաւորութեան իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին Ս. Գիրքէն հունտեր սերմանեց սիրտերուն մէջ ու այդպէսով կը շարունակէ ապրիլ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/201123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın