Հարցերը ներկայացուեցան շինիչ եւ բարեացակամ մթնոլորտին մէջ – Նախարար Եուսուֆ Թեքին խոստացաւ ընդառաջել
…..
Երէկ փոքրամասնական համայնքներու վագըֆներու պատասխանատուները ժամադրուած էին Պէյօղլուի «ուսուցչաց տան» մէջ՝ խորհրդակցական հանդիպման մը համար։
Ինչպէս գրած էինք օրին, Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի նախաձեռնութեամբ քանի մը շաբաթ առաջ Անգարայի մէջ հանդիպում մը կայացած էր Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Թէքինի հետ եւ որոշուած էր խորհրդակցական հաւաքոյթով մը համախմբել երկրի փոքրամասնական համայնքներու պատասխանատուները, քանի որ երկրի տնտեսական վիճակն ու սղաճի բարձր համեմատութիւնը մեծ խնդիրներու հետ դէմ յանդիման թողած են փոքրամասնական վարժարանները։
Փոքրամասնական չորս համայնքներու՝ հայկական, յունական, հրէից եւ ասորի համայնքներու պատասխանատուները՝ ատենապետեր, տնօրէններ, հիմնադիրներ, նաեւ պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչները ճիշդ ժամուն հոն էին։
Նախարար Թէքին առանձինն չէր։ Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի եւ Ա-Գէ-Փէի փոխնախագահ Ֆաթմա-Պէթիւլ Սայան-Գայայի հետ միասին, որպէս տանտէր ներկայ էր նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ, նաեւ ոչ-պետական ուսումնական հաստատութիւններու գլխաւոր տնօրէն Ֆէթուլլահ Կիւնէր եւ աշխատակազմի գլխաւոր տնօրէն Պիւլէնտ Չիֆթճի։
Այստեղ՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչները մեծամասնութիւն կը կազմէին փոքրամասնութեան մէջ։ Վարժարան ունեցող բոլոր թաղերու պատասխանատուները ընդառաջած էին եւ գործնական քայլեր կ’ակնկալէին պետական շրջանակներէն։
Բացման խօսքը արտասանեց Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, շնորհակալութիւն յայտնելով Նախարարին, ընդգծելով Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան առանձնայատուկ դիրքորոշումը՝ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ եւ խորհրդակցական օգտաշատ մթնոլորտի մէջ հարցերը ներկայացնելու այս լաւ առիթը։
Հանդիպման խօսնակը Բանկալթը Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի Տնօրէնուհի Տիկին Եւա Օրագեանն էր։ Ան մէկ առ մէկ թուեց մասնակից չորս համայնքներու մասնակիցներուն անունները, ներկայացուց այն անձերը, որոնք ելոյթով մը պիտի պարզէին իրենց վարժարաններու եւ համայնքի ընդհանուր պատկերը եւ գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։ Նախ եւ առաջ խօսքը տրուեցաւ Նախարար Եուսուֆ Թէքինին։
Նախարարի խօսքը հարցերուն լուծում գտնելու ուղղութեամբ պատրաստակամութեան երանգը ունէր իր մէջ։ Ան նշեց որ էթնիք տարբեր հաւաքականութիւնները երկրի հարստութիւնն են եւ քանի որ հիմա այսպիսի առաջնահերթ խնդիրներ ծագած են, կը փորձեն խորհրդակցիլ եւ լուծումներ գտնել հիմնահարցերուն։ Նախարարը յատկապէս շեշտեց որ Հանրապետութեան Նախագահի ցուցումներու համաձայն պիտի շարժին, ուստի եկած են խորհրդակցելու համար։
«Մեր երկրի հին քաղաքակրթութեան պատմութիւնը լեցուն է միասին ապրելու էջերով, այդ մշակոյթը կը ցոլացնէ մեր ազգային ծիներու եւ յատկապէս մշակութային տարրերու բոլոր տեսակի տարբերութիւններու զգացումը։ Իշխանութիւնները փոքրամասնութիւններու մասին լայնախոհ քաղաքականութիւն մը որդեգրած են եւ զայն վերածած՝ պետական աւանդութեան։ Մեզի համար կարեւոր է ապահովել որ կրթութեան ոլորտէն ներս կարելիութիւններու արդարութիւնը հաւասարապէս հասնի հասարակութեան բոլոր հատուածներուն», դիտել տուաւ նախարարը։
Յետոյ կարգաւ ելոյթներով հանդէս եկան բոլոր համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Հայ համայնքի անունով մեր վարժարաններու վիճակի, նաեւ համայնքի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տրուեցան Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ, ԷՐՎԱՊի կրթական յանձնաժողովի նախագահ Աքսէլ Թօփալեանի եւ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր Լենա Ենիեորկանի կողմէ։ Աքսէլ Թօփալեան ըսաւ որ ծանր բեռ մը դրած են իր ուսերուն վրայ եւ ինք կը փորձէ համակողմանի աշխատանքով ու մօտեցումով, գործակիցներու հետ նպատակաուղղեալ ծրագիրներով լուծումներ գտնել, որովհետեւ նիւթական խնդիրները շատ մեծ են եւ զօրակցութեան կը կարօտին։ Օր. Լենա Ենիեորկան սահիկներու օգնութեամբ մանրամասնօրէն ներկայացուց համայնքային վարժարաններու մասին թուային տուեալներ, առանձնայատուկ կերպով շեշտեց որ եթէ մեր վարժարաններուն ալ տրուի մասնաւոր վարժարաններու կարգավիճակ, այն ատեն իրավիճակը կը փոխուի, պետութենէն օժանդակութիւն կը ստանան։ Նախարարը խոստացաւ այս հարցի շուրջ քննարկումներ ունենալ եւ լուծումներ առաջարկել։
Իրենց համայնքներու եւ վարժարաններու մասին տեղեկագրեր ներկայացուցին նաեւ միւս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։
Յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժինը։ Ընդհանուր տպաւորութիւնն այն էր որ ներկայիս,- տրուած ըլլալով որ աղէտի գօտիի վրայ հրատապ աշխատանքներու կարիք կայ,- պէտք է ամփոփել հարցերը, յետոյ գրաւոր կերպով զանոնք ներկայացնել Նախարարին ու աւելի վերջ՝ ճշդել ընելիքները՝ համակարգուած քայլերով։
Պր. Աքսէլ Թօփալեան հանդիպման վերջաւորութեան գործնական օգտաշատ առաջարկ մը ներկայացուց Նախարարին։ Ըսաւ որ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան պատկանող շահութաբեր հողատարածք մը ունինք, բայց ձեւակերպական խնդիրներու պատճառով Խնամակալութիւնը չի կրնար որեւէ աշխատանք իրականացնել այդ հողատարածքի վրայ։ Առաջարկեց որ գոնէ այս հարցով իշխանութիւնները բարեացակամ կեցուածքով միջնորդութիւն մը կատարեն եւ պայմաններ ստեղծեն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ Եուսուֆ Թէքին խոստացաւ հետապնդել հարցը։
Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել։ Այսպիսի հանդիպումները կարեւոր առիթներ կը ստեղծեն պետութիւն-փոքրամասնութիւն առողջ երկխօսութեան եւ հարցերը շինիչ քննարկումներով ներկայացնելու համար։
Այս շրջանին դժուար է օգնութիւն ակնկալել իշխանութիւններէն, որովհետեւ նոր ձեւ եւ որակ պէտք է հաղորդել զօրակցութեան այդ հարցին։
Լաւ է որ խօսուեցաւ մեր դպրոցական կառոյցները երկրաշարժներու դէմ ամրակայելու հրատապ խնդրի մասին, որովհետեւ մեծածախս գործ է ատիկա եւ յաւելեալ բեռ՝ պատասխանատուներու ուսերուն վրայ։
Մաղթելի է որ ներկայացուած հարցերը օդի մէջ չմնան, քննարկումները շարունակուին պատկան մարմիններու հետ եւ քանի որ իշխանութիւններու հաւանութիւնը կայ, ծրագիրները թուղթի վրայէն տեղափոխուին գործնական հարթակ ու իրագործուին։
Հանդիպումը վերջացաւ խմբանկարներու շարքով։
Ն. Ս.
İlk yorum yapan siz olun