Հայեր Գանտիլլիի մէջ հաստատուած են 18րդ դարու վերջերէն սկսեալ։ Անոնք պաշտամունքի համար ունեցած են վրանաբնակ սեղան մը, առանց կայուն շէնքի։ Երկու յիշատակարաններ կը վկայեն որ 1841ին ունեցած են նաեւ աղօթատեղի մը։ Ներկայի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին, որ Վոսփորի ասիական ափի գողտրիկ սրբավայրերէն մէկն է, կառուցուած է 1846ին, Պօղոս Ամիրա Աշնանեանի նախաձեռնութեամբ։ Եկեղեցին փայտաշէն է եւ ունի յատկանշական զանգակատուն մը։ Մկրտարանի պատերը զարդարուած են երփներանգ յախճապակիներով։
Մատթէոս Պատրիարք Չուխաճեանի շրջանին է որ պաշտամունքի բացուած է այս եկեղեցին, պարբերաբար ենթարկուելով նորոգութիւններու։ 19րդ դարուն՝ 1893ին եկեղեցին նորոգուած է Բարսեղ Աղա Ղազարոսեանի ջանքերով, գրեթէ 70 տարի յետոյ՝ Յովհաննէս եւ Յարութիւն Քիւփէլեան եղբայրներուն բարերարութեամբ։ Վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2014ին։
Եկեղեցին, երկար ժամանակէ ի վեր դարձեալ խնամքի ու ֆիզիքական ամրացման կարիք ունէր, սակայն նախկին շրջաններու նախագիծը միշտ կը յետաձգուէր։
Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի ու գործակից ընկերներու նախաձեռնութեամբ, անյետաձգելի աշխատանքը սկսաւ 2022ին, քանի որ Եկեղեցւոյ շէնքի ֆիզիքական պայմանները հասած էին ահազանգային համեմատութիւններու, փլուզման վտանգ մը խնդրոյ առարկայ էր։ Խորանի կողքի հատուածներու մէջ եւ պատերուն վրայ գոյացած խորունկ ճաքերը մտահոգութեան առարկայ դարձած էին թաղականներուն համար, ուստի առաջին հերթին նախ պողպատեայ արտաքին յենասիւներով շէնքը ամրացուեցաւ, յետոյ հրատապ ձեւով նորոգուեցաւ տանիքը։
Եկեղեցւոյ բակը նախապէս ծածկուած էր հին շիրմաքարերով։ Այս քարերը փոխադրուեցան Գանտիլլիի հայոց գերեզմանատուն եւ բարերար Եթքին Պէրպէրօղլուի նուիրատուութեամբ բակն ու մուտքի սանդուխները ծածկուեցան մարմարեայ սալիկներով։ Հիմա երբ ամէն ինչ բարեյաջող կերպով աւարտած է, պիտի կատարուի եկեղեցւոյ վերաօծումը։
Թաղային Խորհուրդի անդամուհիներէն Առլէթ Ինճիտիւզէն Խմբագրատուն այցելելով թէ՛ տեղեկութիւններ փոխանցեց նորոգութեան մասին, թէ՛ հրաւիրեց մասնակցելու վերաօծման արարողութեան, որ պիտի կատարուի Ամեն. Ս. Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեամբ։ Ըսաւ նաեւ որ եթէ նախապէս եկեղեցին միայն տաղաւար տօներու առիթով պաշտամունքի կը բացուէր, հիմա այլեւս պարագան տարբեր է։ Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ ամիսը անգամ մը եկեղեցին բաց պիտի ըլլայ եւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի վերաօծեալ աղօթատեղիին մէջ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
İlk yorum yapan siz olun