İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՐ ՉԻ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԻՐ…, ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՐ ՉԻ ԳՆՈՒԻՐ…

Սիրելի Հայկ Ասլանեան…։

Երէկ, Կեդրոնականի Սիրոյ Սեղանի ընթացքին հայեացքս անընդհատ կը սահէր ու կանգ կ’առնէր ձեր դէմքին վրայ։ Կենդանի առասպել մը, համայնքի հաւաքական յիշողութեան կաղնի մը ունէի իմ դիմաց եւ ակնածանքս՝ անսահման էր։

Ես բարութեան մարմնացումը կը տեսնէի ձեր անձին մէջ։ «Բարի» ածականով սահմանուած բոլոր հոմանիշները կատարեալ հանրագումար մը կազմելով, փառաւորապէս «թառած» էին ձեր ուսերուն։

Բարեսիրտ, բարեկամ, բարեհամբաւ, բարեացակամ, բարեժպիտ, բարեհամբոյր, բարեմիտ, բարերար, բարեպաշտ, բարեխիղճ եւ մարդուս նկարագիրը վերհանող բազմաթիւ այլ բառեր,- որոնք երկար տարիներէ ի վեր նոյնացած են ձեր մարդ կերպարին հետ,- երէկ անգամ մը եւս պատկառանք կ’առթէին մեր բոլորին։

Դաս կուտայիք մեզի։

Համեստութեան, բարեկրթութեան, քաղաքավարութեան «բաց դաս»ը կուտայիք. ատիկա կ’ընէիք վերոյիշեալ արժանիքները վաստկած ըլլալու կեանքի օրինակով, յարգանքի այն զգացումով, որ չի՛ պարտադրուիր, յարգանք որ չի՛ գնուիր, յարգանք որ ինքնաբուխ է, սիրտէ սիրտ կը փոխանցուի եւ կը կազմէ ձեր հանդէպ ունեցած սիրոյ օղակներով կազմուած երկար շղթան։

Յոտնկայս երկար կը ծափահարէինք։

Հայեացքս այս անգամ ծափահարողներու վրայ էր։ Այնպէս ինչպէս ես, անոնցմէ շատեր եւս յուշեր ունէի՛ն եւ տակաւին թարմ յիշատակներ ունի՛ն ձեզմէ։ Վստահաբար ծափահարութիւններու ընդմէջէն յիշատակները «կ’արթննային» ու կը վերաիմաստաւորուէին ընդհանուր տեսարանի մէջ, ուր ակնածանքը եւ պատկառանքը գերիշխող զգացումներն էին ու ձեր պարագային, բացի բարերարի համբաւէն, պարտական էին նաեւ մարդկային նկարագրին։

Հաւատարիմ մնալ արմատներուն, հաւատարմութիւնը պահել ուսում տուած վարժարանի՝ այսինքն Կեդրոնականի նկատմամբ, օգնել, սատարել, ձեռքէն եկածը ընել համայնքի համար։

Ի՜նչ բարեբախտութիւն։

93ամեայ պատկառելի տարիքով եւ իմաստնութեամբ դեռ օրինակ կը ծառայէք եւ ուղեցոյց կը հանդիսանաք նորահաս վարիչներուն։

Ուրիշ ի՛նչ կրնանք ուզել։ Շնորհակալ ենք, երախտապարտ ենք, արեւշատութիւն կը մաղթենք։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/131123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın