İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆԿԵԼԱՆՈՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Համազգային Անկելանոցի Ստանպուլի Օդակայանի մերձաւոր Առնավուտգիւղի մէջ կառուցուած համալիրի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 12 Նոյեմբեր 2023, Կիրակի, բարձր հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պետական եւ պաշտօնական հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիսութեան յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Համազգային Անկելանոցի այս նոր համալիրը կը կրէ “Darülaceze. Sosyal Hizmet Şehri” (Համազգային Անկելանոց. Ընկերային Ծառայութեան Քաղաք) անունը։ Արդիական պայմաններով օժտուած հաստատութեան բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգային Անկելանոցի Վարչութեան Նախագահ՝ Համզա Ճէպէճի։ Ապա կարգաւ արտայայտուեցան Ընտանիքի Եւ Ընկերային Ծառայութեանց Նախարար՝ Մահինուր Էօզտէմիր Կէօքթաշ եւ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Բոլոր արտայայտուողները անդրադարձան Համազգային Անկելանոցի որպէս հաստատութիւն ունեցած իմաստին, յիշելով թէ 1895ին Սուլթան Ապտիւլհամիտ Բ. Կայսեր գահակալութեան շրջանին հիմնուած հաստատութիւնը իր դռները կը բանար անկարներուն առջեւ առանց նկատի ունենալու ենթականերու ազգային, մշակութային եւ կրօնական պատկանելիութիւնները։ Հաստատութեան մէջ մզկիթի առընթեր կառուցուած են երկու մատուռներ, մին՝ Քրիստոնեաներու, իսկ միւսը՝ Հրեաներու համար։

Այս համալիրը Օքմէյտանըի առաջին պատմական համալիրէն յետոյ կառուցուած երրորդ համալիրն է։ Երկրորդ համալիրը կառուցուած էր Ասիական ափի վրայ Քայըշտաղըի մերձաւոր վայրին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın