Ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, որոնք աչքառու են իրենց վճռակամութեամբ ու յաջողութիւններով, օրինակ կը հանդիսանան եւ լոյս կը սփռեն նաեւ ուրիշներու կեանքին վրայ։ Գարին Էօճալ անոնցմէ մէկն է։ Լողորդուհի, հրաշալի գծանկարչուհի, որու կեանքի մասին վաւերագրական կարճ ժապաւէն մըն ալ պատրաստուած է եւ ճերմակ պաստառի վրայ պիտի ցուցադրուի յառաջիկայ օրերուն։
Ինչպէս գրած էինք մեր երէկուան թիւով, Գարին հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդուհի մըն է, բայց իր կեանքի օրինակը իրաւամբ փարոս է շատերուն համար։ Ան ինքզինք լիարժէք անձ մը կը նկատէ, հաշմանդամութիւնը ո՛չ թէ »կոտրած է« իր բնաւորութիւնը, այլ ընդհակառակը, յղկած է մարդկային իր նկարագիրը, օգնած է որ դառնայ ուսուցիչ եւ ուղեցոյց հաշմանդամ պատանիներու համար։ »Ամէն մարդ ունի իր ուսուցիչը, որ առաջնորդ կը հանդիսանայ, իմ ուսուցիչը եղած է Էսաեան վարժարանի մարզանքի ուսուցիչս՝ Անժել Ելէկէնը, հիմա ե՛ս եմ որ կը փորձեմ ուղեցոյցի դեր ստանձնել ուրիշներու համար«, կþըսէ Գարին։
Գարինի համար »Իսթանպուլեան կեանք«ի օրերը սկսած էին Գալֆաեան վարժարանի մէջ, որու Խնամակալութիւնը անուրանալի մեծ աշխատանք տարաւ թէ՛ Գարինի, թէ անոր ընտանիքի համար։ Ան ո՛չ միայն հաշմանդամ լողորդներու ազգային խումբի անդամ է եւ լողի ուսուցիչ, այլ նաեւ նկարչուհի մը, թռչնագրերու վարպետ, թռչնագրերով մարզաշապիկներ կը պատրաստէ, այդ շապիկները այժմ կը վաճառուին ընկերային ցանցերու մէջ։ Թռչնագրերով պատկերները դարձան Գարինի ապրանքանիշը, նիւթական միջոցներ ապահովելով իրեն ու ընտանիքին։
Բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած է լողի մարզաձեւին մէջ եւ մետայլները զարդարած են ու կը շարունակեն զարդարել իր կուրծքը։
İlk yorum yapan siz olun