İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ՝ ԳԱՐԻՆ ԷՕՃԱԼԻ ՄԱՍԻՆ

Գարին Էօճալ։ Այս երիտասարդուհին վճռակամութեան եւ լիարժէք կեանքի համար պայքարի օրինակ է բոլոր անոնց համար, որոնք ֆիզիքական թերութիւններու պատճառով իրենք զիրենք հեռու կը պահեն հասարակութենէն կամ կը տառապին ինչ ինչ բարդոյթներէն։

Պիթլիսի ¤Բաղէշ_ Մուտքի գիւղէն է Գարինը, ընտանիքի ինը զաւակներէն մէկը։ 2005 թուականին Գալֆաեան Տան այդ օրերու խնամակալութեան ջանքերով եւ առաջնորդութեամբ Գարին եւ երկու քոյրերը բերուած էին Իսթանպուլ եւ դարձած էին՝ Գալֆաեանի սան։ Գարին բնածին ֆիզիքական թերութիւններ ունէր վերջոյթներուն մէջ, բայց այդ պակասներուն հետ միասին, առաւելութիւններն ու մտային ձիրքերը աւելի ծանր կը կշռէին։ Նկարչական հիանալի ձիրքեր ունէր եւ այս տարիներու ընթացքին անընդհատ զարգացուց զանոնք, անհատական ցուցահանդէսներ սարքելով զանազան վայրերու մէջ։

Գալֆաեանի մէջ նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը ստանալէ ետք, դարձաւ Էսաեան վարժարանի սան։ Հո՛ս ալ ունեցաւ իր կեանքի ուղեցոյցը, յանձինս մարզանքի ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէնի։ Ուսուցչուհին սրտով ու հոգիով կապուեցաւ մեծ կամքի տէր այս աղջնակին եւ անոր ընդունակութիւնները զարգացուց լողի մարզաձեւի մէջ։ Յաջողութիւնները սպասցնել չտուին։ Գարին հաշմանդամներու դասաւորման մէջ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով եւ բազմաթիւ մետայլներու արժանանալով լողի զանազան մրցաձեւերուն մէջ։ 

Մեր վաղուայ թիւով աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք վճռականութեամբ կերտուած իր յաջողութիւններուն, իսկ այսօրուայ թեման Գարինի մասին վաւերագրական ժապաւէնն է, որու կալա ներկայացումը սարքուեցաւ երէկ գիշեր, Պէյօղլուի «Ալքազար» կեդրոնի շարժանկարի սրահին մէջ։

Ցուցադրութեան հետ առընթեր սարքուեցաւ նաեւ հրապարակային ասուլիս մը։ Գարին, Էսաեանի մէջ իր մարզանքի ուսուցչուհին, իր ուղեցոյց հրեշտակը՝ Տիկին Անժէլ Ելէկէն եւ «Լոյս Մետիա»ի պատասխանատուներէն Յարութիւն Գուրան պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն, պատմեցին շարժանկարի նկարահանումներու մասին։

Շարժանկարը նկարահանուած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու միջազգային հիմնարկի մը՝ «Մինօրիթի Ռայթս կրուփ»ի հովանաւորութեամբ։ Հիմնարկը կը համագործակցի աշխարհի 60 երկիրներու հետ, կեդրոնակայանը կը գտնուի Անգլիոյ մէջ։ 2022ին Թուրքիոյ առաջարկուած էր հինգ կարճ նախագիծ պատրաստել փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու առնչութեամբ։ Անոնցմէ մէկը նուիրուեցաւ Գարինին։ Շարժանկարը պատրաստուեցաւ Մերվէ Պօզճուի բեմադրութեամբ։

Հրապարակային ասուլիսի ընթացքին Գարին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բեմադրիչին ու նկարահանող խումբին, իր ուսուցիչ Անժէլ Ելէկէնին, որ իրեն համար աւելի՛ն եղաւ, քան սովորական ուսուցիչ մը։ «Լոյս մետիա»ն ալ դերակատարութիւն ունեցած է շարժանկարի պատրաստութեան մէջ եւ երէկ գիշեր Յարութիւն Գուրան եւս իր սրտի խօսքը բաժնեց ներկաներուն հետ։ Ժապաւէնը կը կոչուի «Գարին»…։

Կը շնորհաւորենք Գարինը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/091123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın