İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆ»-Ի ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՈԳԵՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջը համայնքային կեանքի տեսակէտէ յիշարժան պահեր ապրեցուց մեր ժողովուրդին։ Այդ ապրումներու բազկերակը սկսաւ բաբախիլ Թուզլայէն, ուր հանդիսաւոր պայմաններու տակ կատարուեցաւ «Քամփ Արմէն»ի նոր կառուցուելիք համալիրի հիմնարկէքը, իսկ երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը, բարերար Հերման Խնդիրեանի տուչութիւնը, Շիշլիի Մարզական ակումբի կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքը հոս ու հոն համախմբեցին հաւաքականութեան զանազան խումբերը։

«Քամփ Արմէն»ի նոր համալիրի հիմնարկէքը կատարուեցաւ շաբաթ առաւօտեան ժամերուն։ Այս առիթով միասնութեան պատկեր մը ստեղծուեցաւ մեր բոլոր համայնքներու՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական առաջնորդներու մասնակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեան, բողոքական համայնքէն Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ վեղարաւոր հայրեր եւ հոգեւորականներ գացին Թուզլա ու մէկտեղուեցան այն վայրին մէջ, ուր աղիւս պիտի թափուէր կառոյցի հիմերուն մէջ։

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» հայաստանեան դպրոցի ընտանիքն ալ հոն էր մեծով ու պզտիկով. աշակերտները, ուսուցիչները համախմբուած դպրոցի նուիրեալ հովանաւորներ Արթօ-Դալար Հորոզօղլուի եւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի շուրջ, այս կարեւոր իրադարձութեան վկաներն ու ականատեսը կը դառնային, ապագայի տարեգրութեան մէջ ունենալով իրենց տեղն ու դերը։

Հիմնարկէքը կատարուեցաւ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Հիմերուն մէջ թափուեցան աղիւսի առաջին շաղախները։ Ուրախ էին բոլորը։ Պատգամները միասնական գաղափարի շուրջ կը ծանրանային եւ այդ ոգեւորութիւնը կը տարածէին բոլորին մօտ։

Նոր կառուցուելիք համալիրը իր հանրակացարանով, բազմաբնոյթ լսարաններով ու սրահներով, նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծարար թեքնիքագիտութեան «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի մասնաճիւղով պիտի համախմբէ նորահաս սերունդը. անոնք որոնք այս ճամբարի սաները եղած են շինութեան աւարտին ու ճամբարի բացումէն ետք պիտի կարենան իրենց զաւակները կամ թոռները ուղարկել հոն՝ մշակոյթի եւ ինքնութեան ճամբով մերձենալու, նոր բարեկամութիւններ եւ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար։

Մաղթենք որ շինութեան աշխատանքները կատարուին առանց որեւէ կաղացումի, ամենակարճ ժամանակի մէջ իր նպատակին ծառայացնելու համար «Քամփ Արմէն»ի նոր համալիրը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/061123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın