İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Շիշլիի մարզական ակումբի կազմակերպութեամբ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ

Շիշլիի Մարզական ակումբի մեծ ընտանիքին համար անմոռանալի է Ողբ. Նազար Հանչէրի յիշատակը։ «Համայնքային գործիչ», «մարզանքի դեսպան» տիտղոսները միշտ մե՛ր ալ ողբացեալ աշխատակիցը բնութագրող բառերէն էին եւ նոյնացած էին Հանչէր մարդ-կերպարին հետ։ Ողբացեալի յիշատակը ապրեցնելու ուղղութեամբ Շիշլիցիներ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով հանդէս կուգան։ 

Բոլոր մարզաձեւերն ալ սիրելի էին ողբացեալին համար, բայց ճատրակի հանդէպ սէրը տարբեր էր, հաւանաբար հայաստանցի ճատրակիստներու միջազգային յաջողութիւնները իրենց բարի գործը տեսած էին, այդ մարզաձեւը բացառիկ սիրելի դարձնելով Նազար Հանչէրի համար։ Ուրեմն շատ տեղին որոշում էր Շիշլիի վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ վստահաբար պիտի խրախուսէ մանուկ ճատրակիստները եւ այս մրցաշարքի ճամբով զանոնք պիտի մղէ աւելի լուրջ նպատակներու։

Շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Նազար Հանչէր» ճատրակի միջվարժարանային առաջին յուշամրցաշարքը, որ անտարակոյս պիտի դառնայ աւանդական ձեռնարկ մը։ Կազմակերպիչները շիշլիցներն էին, հիւրընկալը՝ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը։ Յուշամրցաշարքի խաղերը կայացան «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Մարզիկները, անոնց ծնողները, թաղականները, աւելի քան 150 հոգի հաւաքուեցան Պէյօղլուի երդիքին տակ։ Խաղերու միջեւ դադարի ընթացքին տղոց ուրախ պոռչտուքները բարձրացան եկեղեցւոյ շրջափակինն մէջ։ 

Մասնակիցները 54 հոգի էին։ Խաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մետայլներու տուչութիւնն ու փակման հանդիսութիւնը։ Ողբ. Նազար Հանչէրի կողակիցը՝ Տիկին Էլմոն Հանչէր սրտախօսիկ արտայայտութիւններով ելոյթ մը ունեցաւ։ Ողբացեալի դուստրը, փեսան ե ւ թոռները, Պէյօղլուի թաղականները, Շիշլիի վարչութեան անդամները ներկայ էին մարզական այս փառատօնին։ Անոնք որոնք յաջող արդիւնքներ ապահոված էին, երջանիկ էին։ Մասնակիցներու ծնողներու փափաքն էր որ աւելի յաճախ մրցաշարքեր կազմակերպուէին եւ տղաքը այսպիս առիթներով համախմբուէին իրարու հետ։

Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները եւ կ’ոգեկոչենք մեր ողբացեալ աշխատակցի յիշատակը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/061123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın