Երէկ ընկերային ցանցերու հայկական «դաշտ»ին վրայ կը տողանցէր ցաւալի լուր մը։ Երիտասարդ սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Արթուն Ասատուրօղլու յանկարծամահ եղած էր սրտի տագնապի հետեւանքով։ Ընդամէնը 35 տարեկան էր, կեանքով լեցուն, համայնքի աշխոյժ անդամ մը։ Շրջանաւարտ եղած էր Ըշըք համալսարանի ճարտարարուեստական ճարտարագիտութիւն ճիւղէն, յետոյ՝ Կալաթասարայ համալսարանի ճարտարապետական վարչութիւն ճիւղէն, մասթըրի ուսումը ստացած էր Ամերիկայի մէջ։ Աշխատած էր զանազան դրամատուներու մէջ, որպէս պիւտճէի ծրագրաւորման պատասխանատու։
ՖՖրանսական լիսէի 2007ի շրջանաւարտ էր, մաս կը կազմէր Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ հայ մէնթէ-մէնթոր հարթակին, «ՀայՃար» խմբակի վարչութեան, դեռ բազում ընելիքներ եւ նպատակներ ունէր, բայց աւա՜ղ այդ բոլորը անկատար մնացին կանխահաս մահուան հետեւանքով։
Կը ցաւակցինք վշտահար մօր եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
İlk yorum yapan siz olun