Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 3 Նոյեմբեր 2023, Ուրբաթ, ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թաուատրոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Տաուտ Լամէյ Աւ. Քհնյ.ի այցելութիւնը։ Իրեն կ’ընկերանային Արձ. Տ. Մարկոս Քհնյ. եւ սարկաւագներու խումբ մը։ Հանդիպումին ներկայեղաւ նաեւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Ղպտի Եկեղեցին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կազմելով, դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ։
Այցելութեան ընթացքին Արժ. Տ. Տաուտ Լամէյ Աւ. Քհնյ. մեր Հոգեւոր Պետին հաղորդեց, որ քաղաքս կը գտնուէր պարագաներու բերմամբ այժմ Ստանպուլաբնակ Ղպտի Եկեղեցւոյ անդամներուն այցելելու համար եւ յանուն Ն.Ս.Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքի անունով եկած էր Հայոց Պատրիարքին ողջոյններ բերելու քոյր Ղպտի Եկեղեցիէն։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ շեշտեց միջեկեղեցական ու յատկապէս դաւանակից եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատգամաւորութեան յանձնեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւո Պետ Ն.Ս.Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքին իր եղբայրական ողջոյններն ու արեւշատութեան մաղթանքները յանձնելու պաշտօնը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun