İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆ»Ի ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՆԱՅ

Վաղը՝ հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւն Թուզլայի մէջ

…..

Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարի մասին յիշողութիւնները կ’երկարին մինչեւ 1960ականներ, երբ Ողբ. Հրանդ Կիւզէլեանի եւ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի անմիջական նախաձեռնութեամբ Անատոլուէն հարիւրաւոր հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ Իսթանպուլ բերուած էին ուծացումէն փրկուելու, հայկական կրթութիւն ստանալու համար։ Բացի դպրոցական իննամսեայ շրջանէն, ամառնային հանգիստը կազմակերպելու հարցն ալ լուծուած էր. դրամահաւաքի շնորհիւ Թուզլայի մէջ բաց ու ամայի հողատարածք մը գնուած էր եւ սկզբնական շրջանին տղաքը բացօթեայ ճամբարային կեանք անցուցած էին՝ ապրելով վրաններուն մէջ։ Ճամբարի շէնքը կառուցուած էր 1962ին, աշակերտներու անմիջական ջանքերով, Հրանդ Կիւզէլեանի քաջալերութեամբ եւ խնայողութիւններով։ 15 տարի շարունակ ճամբարը անխափան գործած էր, ամառնային արձակուրդներու ամիսներուն իր երդիքին տակ այդ տարիներու ընթացքին ընդունելով աւելի քան 1500 հայ մանուկներ։

1980ականներուն, զինուորական յեղաշրջումէն ետք ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ։ Միջամտութիւններ եղան ճամբարի գործունէութեան։ Հրանդ Կիւզէլեանի դէմ հետապնդումներ եւ հալածանքներ սկսան։ Ան մեղադրուեցաւ ճամբարին մէջ ահաբեկիչներ պատրաստելու յանցանքով եւ 8 ամիս բանտարկուած մնաց։ Յետոյ, երբ արդէն ազատ արձակուած էր, պահանջուեցաւ որ լքէ Թուրքիան։ Կիւզէլեան հարկադրաբար Մարսէյլ մեկնեցաւ, կեանքի մնացեալ տարիները անցընելով օտար երկնքի տակ։ Այդ շրջանին Ողբ. Հրանդ Տինք ու կողակիցը, որոնք նոյնպէս մեծցած էին այդ ճամբարին մէջ, յանձն առին ճամբարի խնամակալութիւնը, մինչեւ 1983։ Յետոյ դատեր բացուեցան եւ վերջացաւ նաեւ «Քամփ Արմէն»ի կեանքը։

Բարեբախտաբար Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու միշտ օրակարգի վրայ պահեց «Քամփ Արմէն»ի ճակատագիրը, դատեր բացաւ եղած անիրաւութիւնը սրբագրելու համար եւ ի վերջոյ 2015ին «Քամփ»ի հողատարածքը վերադարձուեցաւ Կէտիկփաշայի բողոքական եկեղեցիին։

Այս բոլորին մէջ հարկաւ պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդներու պայքարը։ Երբ Ապրիլ 2015ին հաղորդուեցաւ որ ճամբարը վաճառուած է եւ շէնքը պէտք է փլցուի, այս երիրասարդները 175 օր շարունակ ցոյցերով բողոքի ալիք բարձրացուցին։

Ասոնք ճամբարի տարեգրութեան ամփոփ գիծերն են, որոնք յառաջիկային պիտի միանան պատմական նոր դրուագներուն։ Այսպէս, վաղը, հանդիսաւոր հիմնարկէքով մը կը սկսի «Քամփ Արմէն»ի վերանորոգութեան աշխատանքը։

Այս նոր կառոյց-համալիրի շինութենէն ետք նպատակները պիտի կեդրոնանան աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ապրող հայ երախաները հո՛ս հիւրընկալելու երազանքին վրայ, այսինքն «Քամփ Արմէն»ի նոր նախագիծը կը խոստանայ ըլլալ աշխարհը կապող կեդրոն մը։

Ճամբարը պիտի բացուի «Քամփ Արմէն. երիտասարդական ու ընկերային զարգացման ճամբար» անունով։ Նոր համալիրը պիտի ունենայ 100 երախայի համար նախատեսուած կացարան, մշակութային կեդրոն, ճեմասրահ, գրադարան, բազմանպատակ սրահներ եւ լսարան մը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/031123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın