Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութիւնը երէկ Իսթանպուլի Միւֆթիութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպեց՝ «Կազզէի մէջ մարդկութեան մահը» խորագրեալ հաւաքոյթ մը։ Կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ՝ Պաղեստինի վերաբերեալ խորհրդակցական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու տանտէրն էր Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշ։ Ոսկեղջիւրի ափին, Էյուպսուլթանի «Պահարիյէ» մեվլեւիհանէին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որուն մեր համայնքէն մասնակցեցան՝ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ալ հաւաքոյթի կազմակերպիչներուն ուղարկուած էր՝ նոյն նիւթին վերաբերեալ վերջին օրերուն կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն կողմէ հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ համախմբուեցան այս խորհրդակցական սեղանին շուրջ։
Ալի Էրպաշ հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ համակեցութեան քաղաք Իսթանպուլէն կը հետեւին Սուրբ Երկրի արիւնալի իրադարձութիւններուն։ Ան յիշեցուց, որ Երուսաղէմը քաղաք մըն է, որ բոլոր կրօններու սրբավայրը կը հանդիսանայ, համաշխարհային մեծ ժառանգութեան եւ համամարդկային մեծ քաղաքակրթութեան կրողն է։ Ան քաղաքակրթութիւններու հասարակաց յիշողութեան վայրն է եւ բառացիօրէն կը նշանակէ խաղաղութեան քաղաք։ Ալի Էրպաշ ցաւ յայտնեց, որ այս Սուրբ Քաղաքը ներկայիս ցաւի եւ արտասուքի քաղաքի մը վերածուած է։ Սուրբ Երկրին մէջ իրաւունքի, խղճի, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու սահմանումներուն բոլորովին ներհակ երեւոյթները իրարու կը յաջորդեն, սրբավայրեր կը թալանուին եւ Սուրբ Երկրի նուիրականութեան դէմ ոտնձգութիւն կը կատարուի։
Ալի Էրպաշ համոզուած է, թէ Կազզէի պարագային ներկայիս մարդկութիւնը իրաւունքի, բարոյագիտութեան եւ խղճի քննութենէ մը կ՚անցնի։ Ուստի, բոլորի մարդկային պարտականութիւնը կը համարուի առկայ կացութեան դէմ ձայն բարձրացնելը։ Կրօնից տեսուչը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ ալ զանազանութիւնները պատճառ մը չեն Կազզէի ի նպաստ ջանք գործադրելու համար։
Ժողովասեղանին շուրջ համախմբուածները հետեւեցան նաեւ տեսանիւթի մը, ուր Կազզէի ողբերգական իրադարձութիւններէն սրտաճմլիկ դրուագներ կը ցոլանային։ Կրօնից տեսուչի ելոյթէն վերջ ներկաները հանդէս եկան խորհրդածութիւններով եւ ստեղծուեցաւ ընդհանուր կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտ։ Քննարկումներէն վերջ Ալի Էրպաշ ճաշասեղանով մը պատուեց ժողովականները:
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F3-11-2023-խղճի-քննութիւն
İlk yorum yapan siz olun