Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ երախտագիտական տուրք մատուցել՝ իր հետ նոյնացած նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ։ Այսպէս, կը տեղեկանանք, որ այս շաբաթավերջին ակումբին նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի մրցաշարք մը՝ ի յիշատակ հոգելոյս Նազար Հանչէրի, որ երկար տասնամեակներ անձնուրաց ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլիին։
Ճատրակի մրցաշարքը դպրոցահասակ երիտասարդներու համար նախատեսուած է։ 1-8-րդ դասարաններէ տղաք հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու այս մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։
Լուսահոգի Նազար Հանչէր Շիշլի ակումբի ընտանիքին կողմէ հռչակուած է՝ «Մարմնամարզի դեսպան»։ Այս մրցաշարքը հետամուտ է իր յիշատակը վառ պահելու։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/2-11-2023-ի-յիշատակ-նազար-հանչէրի
İlk yorum yapan siz olun