İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ «ԷՆ-ՊԻ-ԷՅ»Ի ՀԵՏ

Ամերիկեան շով աշխարհի աստղ, հայազգի Քիմ Քարտաշեան ունի «Սքիմս» անունով ապրանքանիշը, որ նախատեսուած է մարմինը ձեւաւորելու համար։ Ապրանքանիշի շուկայական արժէքը հասած է 4 միլիառ տոլարի։ Քարտաշեան այդ ապրանքանիշի համար շաբաթավերջին պայմանագիր ստորագրեց ամերիկեան պասքէթպոլի դաշնակցութեան՝ Էն-Պի-Էյի հետ, դառնալով Էն-Պի-Էյի ներքնազգեստի պաշտօնական ապրանքանիշը։

«Սքիմս» անցեալ շաբաթ ներկայացուց իր այրերու հաւաքածոն։ Մոտէլներու կարգին էին Էն-Պի-Էյի աստղ Շայ Կիլճէուս, ամերիկացի ֆութպոլիստ Նիք Պոսա եւ որպէս գլխաւոր աստղ՝ ֆութպոլիստ Նէյմար։

Յիշեցնենք որ Քիմ Քարտաշեան «Սքիմս»ը հիմնած է մօտաւոարպէս չորս տարի առաջ։ Բացի սեղմիրաններէն ¤քորսէթ_, Քարտաշեանի ապրանքանիշը կ’արտադրէ նաեւ մարզական ու լողի հագուստ։ Յաջորդ տարի նախատեսուած է ապրանքանիշի խանութներու բացումը Լոս Անճէլըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/011123lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın